ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐ ՎԵՐՋ ՈՍՏՈՒՄ

Երէկուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքը Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ յեղաշրջման մը ազդեցութիւնը գործեց։ Արդարեւ, բոլոր հաւասարակշռութիւնները հիմնական փոփոխութեան մը ենթարկուեցան։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ տասնամեակներ վերջ աննախընթաց ոստում մը արձանագրեց եւ այս պահու դրութեամբ դարձած է երկրի յառաջատար քաղաքական ուժը։

Երէկ, երեկոյեան ժամերէն սկսեալ, երբ քուէահամարի արդիւնքները սկսան հրապարակուիլ, արդէն յայտնի դարձաւ, որ երկրի գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ՃՀՓ առաւելութեան հասած էր։ Ընդհանուր առմամբ, գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մէջ մեծ յաղթանակ մը տարաւ։ Այս պահու դրութեամբ Իսթանպուլի եւ Անգարայի վերընտրեալ քաղաքապետները՝ Էքրէմ Իմամօղլու եւ Մանսուր Եավաշ արդէն դարձած են երկրի ծանրակշիռ քաղաքական գործօնները։ Մինչ այդ, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզելն ալ, անշուշտ, այս յաջողութեան պայմաններուն ներքեւ աննախընթացօրէն բարձրացուցած է իր կշիռը։ Երէկուան արդիւնքներէն վերջ ան յայտարարեց. «Չենք ուզեր, թէ ոեւէ մէկը պարտուած զգայ՝ անկախ իր քուէարկած կուսակցութենէն»։

Շատ երկար տարիներ վերջ ՃՀՓ յաջողեցաւ քուէներու 25 տոկոսի շեմը յաղթահարել։ Արդարեւ, իր ձայներուն համեմատութիւնը արդէն կը մօտենայ շուրջ 35 տոկոսի, ինչ որ մեծ յաջողութիւն մըն է այս կուսակցութեան տեսակէտէ։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ երեկոյեան ժամերուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ան շեշտեց, որ միշտ հաւատարիմ կը մնայ ազգային կամքի դրսեւորման եւ յարգանք կը ցուցաբերէ արդիւնքներուն։ Ան շեշտեց, որ հասկնալի է քուէատուփէն դուրս եկած պատգամը եւ կառավարութիւնը յառաջիկայ շրջանին ըստ այդմ պիտի գործէ։ «Դժբախտաբար, ընտրութիւններուն չկրցանք ապահովել մեր փափաքած արդիւնքը։ Յամենայնդէպս, ամէն ինչի մէջ խեր մը կայ», ըսաւ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ շնորհաւորեց բոլոր նորընտիր քաղաքապետները։

Այս արդիւնքներու լոյսին տակ Թուրքիոյ մէջ արդէն նոր շրջան մը կը սկսի՝ մինչ Իսթանպուլի գրեթէ բոլոր գաւառակներն ալ ՃՀՓ-ական կուսակցութիւններով պիտի շարունակեն իրենց ճանապարհը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024