ՃԱԶԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Միջազգային ճազի օրը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան իրերայաջորդ համերգներ։ Երաժշտասէրներու ժամադրավայրն էր Երեւանի կեդրոնի ամենաբանուկ կէտերէն Քասքատը, ուր օրուան տեւողութեան տիրեց մեծ եռուզեռ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2024