ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻՆ
2004 թուականի ապրիլի 12-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ, «կարմիր պերեթաւորները»՝ կատարելով այն ժամանակուայ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հրամանը, վայրագ ձեւով յարձակեցան ցուցարարներու վրայ: Քաղաքացիները կը պահանջէին վստահութեան հանրաքուէ կատարել: Այդպիսի կէտ մը կար այդ բանէն տարի մը առաջ ընդունուած Սահմանադրական ատեանի որոշման մէջ. բարձր դատարանը կ՚առաջարկէր վիճայարոյց նախագահական ընտրութիւններէն տարի մը անց պարզել՝ արդեօք Հայաստանի քաղաքացիները կը վստահի՞ն պաշտօնական արդիւնքներով ընտրուած նախագահին:
Ի հարկէ, այդ օրը ոստիկանութեան ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ վերջին վայրագութիւններն էին եւ շատերը ապրիլի 12-ի իրադարձութիւնները կը համարեն «մարտի 1-ի» նախերգանքը:
Այդ բանէն քանի մը ամիս անց՝ 2004-ի աշնան Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունեց բանաձեւ մը, որով կը դատապարտուէր այդ բռնութիւնները: Քոչարեանի արձագանգը հետեւեալն էր. «ԵԽԽՎ-ն մեզի համար փոլիթպիւրօ չէ»: Իբր, անոնք ո՞վ էին, որ որոշեն մեր ժողովրդավարութեան մակարդակը: Հակառակ մինչ այդ իշխանութիւնը գլուխ կը գովէր, թէ հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւնները բարձր կը գնահատեն Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը:
Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան ընթացքը կրկնուող նիւթերու պատմութիւն մըն է: Այդ նոյն ոստիկանական ստորաբաժանումները այսօր նոյն եւ նոյնիսկ աւելի դաժան բռնութիւններու կը դիմեն, առանց որեւէ հիմքի մարդիկ բերման կ՚ենթարկեն, ճիշդ նոյն մեթոտներով կը խոչընդոտեն լրատուամիջոցներու աշխատանքը:
Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները՝ մասնաւորապէս, «Ֆրիտըմ հաուս»ը, մէկումէջ կ՚արձանագրեն այդ վայրագութիւնները: Իսկ ՔՊ-ականներու («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի) արձագանգը հետեւեալն է. ««Ֆրիտըմ հաուս»ը չ՚որոշեր՝ Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր է՞, թէ ոչ»: Այսինքն, այդ կազմակերպութիւնը ՔՊ-ականներու համար «փոլիթպիւրօ» չէ: Հակառակ անոնցմէ առաջ կը պարծենային, որ ամբողջ աշխարհ կը հիանայ մեր ժողովրդավարութեամբ:
Լեզուն, բնականաբար, ոսկոր չունի եւ ՔՊ-ականները դարձեալ կրնան պնդել, որ Հայաստանը ժողովրդավարութեան միջնաբերդ է: Եւ բացառուած չէ նաեւ, որ արեւմտեան որոշ քաղաքական գործիչներ՝ Ռուսաստանի հետ ինչ-որ հաշիւներ ունենալով, կրնան կրկնել այդ հեքիաթը: Բայց ով որ դէմ է ոստիկանական բռնութիւններուն, ով որ դէմ է ընդդիմախօսներու «փակման», ան պէտք է դէմ ըլլայ միշտ՝ անկախ անկէ, թէ քաղաքական ո՛ր թայֆան այսօր իշխանութեան գլուխ կը գտնուի:
…Իրականութեան մէջ Փաշինեան աւելի քան նման է Քոչարեանին. ան որեւէ բանի դիմաց չի կանգնիր՝ իր իշխանութիւնը պահելու համար:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի