ՅԱՊԱՂԵԱԼ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ
Եւրոմիութեան գծով նախարար եւ աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ գծով զեկուցող Քեթի Փիրին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վոլքան Պոզքըր նախարարութեան Օրթագիւղի մասնաշէնքին մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ այս տեսակցութեան բովանդակութեան շուրջ։ Ի շարունակութիւն վերջին օրերու արտայայտութիւններուն՝ այս առթիւ Վոլքան Պոզքըր դիտել տուաւ, թէ եթէ Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զարգացման տեղեկագրին մէջ ակնարկութիւն մը կատարուի 1915-ի դէպքերուն, ապա այդ փաստաթուղթը չեղեալ պիտի համարուի Անգարայի կողմէ։ Նախարարը յիշեցուց, որ Եւրոխորհրդարանի կողմէ ամէն տարի պատրաստուող տեղեկագրին հրապարակումը այս տարի յապաղած է։ Իր կանխատեսումներով, կա՛մ Յունիսի 9-ի եւ կամ Յուլիսի 9-ի շաբթուան մէջ այդ տեղեկագիրը պիտի հրապարակուի։ Ըստ Պոզքըրի, Փիրիի հետ տեսակցած են այն երեք նիւթերուն շուրջ, որոնց տեղեկագրին մէջ տեղ գտնելուն կողմնակից չէ Թուրքիա։
Թուրքիոյ կարմիր գիծերու շարքին դասուած այդ երեք նիւթերուն գլխաւորն է հայկական հարցը։ Վոլքան Պոզքըրի խօսքերով, Եւրոխորհրդարանը 1915 թուականի դէպքերուն շուրջ ընդունած է Թուրքիոյ տեսակէտէ անարդար որոշում մը, որ զուրկ է պատմական հիմքերէ եւ վերոյիշեալ դէպքերը կը բնորոշէ որպէս ցեղասպանութիւն։ «Թուրքիա պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ այդ որոշումը չեղեալ կը համարէ։ Երբ այդ որոշումը փոխանցուած է Պրիւքսէլի մեր մշտական ներկայացուցչութեան, ապա պահարանը ետ յանձնուած է առանց բացուելու։ Թուրքիոյ տեսակէտէ սա անզօր որոշում մըն է։ Զեկուցողին բացատրեցինք, թէ տեղեկագրին մէջ որեւէ ակնարկութիւն պէտք չէ ըլլայ Եւրոխորհրդարանի այդ որոշման։ Եթէ այս տեղեկագրին մէջ նման ակնարկութիւն մը կատարուի, ապա տեղեկագիրն ալ չեղեալ պիտի համարուի Թուրքիոյ կողմէ եւ Եւրոխորհրդարանի կողմէ պատրաստուած զարգացման տեղեկագիր մը առաջին անգամ Թուրքիոյ տեսակէտէ պիտի ըլլայ անընդունելի եւ անվաւեր», ըսաւ Վոլքան Պոզքըր։
Միւս հարցերէն մին է ՓՔՔ-ի ԵՄ-ի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ մնալը։