ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՀԱՐՑ… ԴԱՐՁԵԱԼ
Գերմանիոյ խորհրդարանին մօտ վաղը օրակարգի վրայ պիտի գայ հայկական հարցին վերաբերեալ բանաձեւը։ Վաղուան քուէարկութեան ընդառաջ Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հետզհետէ կը կեդրոնանայ Պունտեստակին վրայ։ Անգարայի կողմէ կը հնչեն Պերլինի ուղղեալ աչալրջութեան իրերայաջորդ կոչեր։ Այս մթնոլորտին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Թուրքիա հերթական անգամ կը դիմագրաւէ բանաձեւի մը հարցը։ Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ արտասովոր կացութիւն մը ստեղծուած է հայկական հարցին բերումով։ Նման նախագծերու արտասահմանի մէջ շրջանառութեան մէջ մտնելուն ժամանակ ապրուած իրադարձութիւնները կը կրկնուին որոշ չափով, սակայն Անգարա-Պերլին յարաբերութիւններու առանձնայատուկ բնոյթէն բխած հանգամանքներն ալ անշուշտ չեն սպրդիր ուշադրութենէ։ Թրքական կողմը կու տայ բանաձեւի ընդունման պարագային ձեռնարկելիք հաւանական պատժամիջոցներուն ազդանշանը։ Գերմանական կողմէն ալ կը հասնին հետաքրքրական պատգամներ, մանաւանդ՝ որ այդ երկրին մէջ կ՚ապրին հոծ թիւով քաղաքացիներ, որոնք ունին թրքական արմատներ։ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր երէկ յայտարարեց, թէ հայկական հարցին վերաբերեալ նախագծին շուրջ քուէարկութիւնը որեւէ ազդեցութիւն չի գործեր երկրի բնակիչ թուրք փոքրամասնական հաւաքականութեան վրայ։ Շթայնմայէր չի կարծեր, որ գերմանաբնակ թուրքերը կրնան գերմանական հասարակութեան ու քաղաքականութեան նկատմամբ կորսնցնել իրենց վստահութիւնը։ Ըստ իրեն, սխալ ընկալում մըն է, թէ անոնք խորհրդարանի լոկ մէկ քննարկումով ու բանաձեւով կը ձեւաւորեն իրենց վստահութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ յիշեցուց, թէ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները շատ բարձր մակարդակի վրայ են։ Եթէ գերմանական կողմը այսպիսի ծուղակի մը մէջ իյնայ, ապա պիտի վնասուին երկկողմանի յարաբերութիւնները դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրական, քաղաքական ու զինուորական գետիններու վրայ, մնաց որ երկու երկիրները կ՚անդամակցին նաեւ ՆԱԹՕ-ին։ Էրտողան յայտնեց, թէ բանաձեւը պարտադիր որեւէ ուժ չունի միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ։ «Մենք չունինք իբր թէ հայոց ցեղասպանութեան նման հարց մը։ Մենք այս հարցին շուրջ հանգիստ ենք», ըսաւ Էրտողան։
Իր կարգին, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ երէկ յայտարարեց, որ բարեացակամ չեն բոլոր անոնք, որոնք այս հարցին շուրջ կը ջանան պատասխանատուութիւն մը վերագրել Թուրքիոյ։ Եըլտըրըմ Պունտեստակի մօտ նախատեսուած քուէարկութիւնը որակեց ձաբռտուք։