ՄԻԼՈՇ ԶԵՄԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ
Չեխիոյ Նախագահ Միլոշ Զեման կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Երեւան՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 8-10 Յունիս թուականներուն Միլոշ Զեման նախ պիտի այցելէ Մակեդոնիա, ապա Հայաստան։
Զեմանի բանբերը՝ Եիրժի Օվցաչէք չեխական լրատուութեան գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ այցելութեան հաւանական օրակարգին։ Ըստ իրեն, Զեման Երեւանի մէջ ի թիւս այլ հարցերու պիտի շօշափէ տարածքաշրջանի նոր իրադրութիւնը, ինչ որ պայմանաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սրմամբ։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի եւ Չեխիոյ միջեւ վերջին տարիներուն յարաբերութիւնները կը զարգանան կայուն թափով եւ անհրաժեշտ նախադրեալները ստեղծուած են համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։ Կը նախատեսուի, որ Զեմանի այցելութեան ընթացքին ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր՝ կողմերուն առջեւ նոր հնարաւորութիւններ ապահովելու առաջադրութեամբ։