ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ
ՄԱԿ-ի շրջանակները մտահոգուած են, թէ Իրաքի մէջ յառաջիկայ ամիսներուն հարկադիր տեղահանութիւնները կրնան թափ ստանալ ու որպէս հետեւանք՝ պարտադիր տեղահանեալներուն թիւը կրնայ կրկնապատկուիլ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ ձեռնարկուած պայքարի գործողութիւններուն հաւանական հետեւանքներէն մին պիտի ըլլայ այս հարցը։
Իրաքի մօտ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ Լիզ Կրանտէ այս առթիւ ըսաւ. «Իրաքի պարագային մենք արդէն ունինք 3.4 միլիոն մարդ, բոլորն ալ տեղահանեալ՝ ԻՇԻՊ-ի աշխուժանալէն ի վեր։ Այժմ մենք կը խօսինք այն մասին, որ յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին 3 միլիոն եւս տեղահանեալ մարդ պիտի ըլլայ»։
Իրաքի բանակը վերջին օրերուն գործողութիւններու ձեռնարկած է՝ Ֆելլուճէ քաղաքի ազատագրման համար։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Իրաքի զօրքերը յաջողած են ազատագրել քանի մը բնակավայրեր։