ՀՆԳԱԿՈՂՄԱՆԻ ՓՈՐՁ

Եւրոպայի քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը այսօր տեղի կ՚ունենայ Քիշնեւի մէջ։ Մոլտաւիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած գագաթաժողովը առիթ կը հանդիսանայ նաեւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ խտացեալ բանակցութիւններու շարունակութեան։ Քիշնեւի այսօրուան ժամադրութիւնը ունի տարբեր ձեւաչափ մը։ Արդարեւ, Արեւմուտքի նախաձեռնութեամբ այս անգամ հնգակողմանի փորձ մը կը կատարուի՝ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ յառաջխաղացում մը ապահովելու ակնկալութեամբ։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Քիշնեւի մէջ կը մէկտեղուին՝ մասնակցութեամբ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի։ Սա հերթական բարձր մակարդակի ժամադրութիւնն է, որուն ընդառաջ դարձեալ լաւատես ակնկալութիւններ բարձրաձայնուած են։ Յամենայնդէպս, խաղաղութեան որոնումները կ՚ընթանան՝ հայկական կողմին տեսակէտէ ոչ այնքան բարենպաստ պայմաններու ներքեւ։ Քիշնեւի գագաթաժողովին ընդառաջ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին հերթական ծայրայեղ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Արցախի կապակցութեամբ։ Միջազգային թատերաբեմին վրայ Երեւանի ակնկալած համարժէք արձագանգը չստեղծուեցաւ Պաքուի դէմ։ Ուստի, խաղաղութեան որոնումները այժմ կ՚ընթանան ոչ այդքան նպաստաւոր հունի մը մէջ։ Երեւանի եւ միջազգային ազդու դերակատարներու միջեւ հակասութիւնները հետզհետէ կը խորանան, ինչ որ հայկական կողմին տեսակէտէ կա՛մ միակողմանի զիջումները անհրաժեշտ կրնայ դարձնել եւ կամ նոր պատերազմի մը վտանգը կրնայ բարձրացնել։

Միւս կողմէ, օրակարգի վրայ կը մնայ նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան փոխ-վարչապետներու աշխատանքային խումբին հանդիպումը։ Անցեալ շաբաթ, Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ մէկտեղուած էին Փաշինեան եւ Ալիեւ եւ այդ գագաթաժողովէն վերջ յայտարարուած էր փոխ-վարչապետներու այդ հանդիպման մասին՝ այս շաբթուան մէջ։ Առայժմ որեւէ յստակ թուական չէ ճշդուած։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ տակաւին չեն ճշդած իրենց վերջնական ժամանակացոյցը։ Մինչ թուականի յստակեցման կը սպասուի՝ Օվերչուք «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով ըսաւ. «Մենք ընդհուպ մօտեցած ենք իրավիճակի մը, երբ կրնանք խօսիլ այն մասին, թէ ի վիճակի ենք վերականգնել երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Այդ պարագային Հայաստան եւս ապաշրջափակման եւ Նախիջեւանի, Ատրպէյճանի տարածքով Ռուսաստանի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միւս երկիրներուն հետ կապուելու հնարաւորութիւն պիտի ստանայ։ Այն որոշումները, որոնք կը նախապատրաստուին եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս, անկասկած մեծ նշանակութիւն ունին թէ՛ Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրադրութեան կայունացման եւ թէ Հայաստանի ապաշրջափակման համար»։

Իր կարգին, Մհեր Գրիգորեան վերջին օրերուն հերթական անգամ կրկնեց, որ Հայաստան չի պատրաստուիր բանակցութիւններ վարել միջանցքի մը շուրջ։

Բաց աստի, կը հաղորդուի, որ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Խալաֆ Խալաֆովի միջեւ։ Բարձրաստիճան դիւանագէտները ընդգծած են Մոսկուայի վերջին գագաթաժողովին ժամանակ գոյացած բոլոր համաձայնութիւններու հետեւողականօրէն կատարման կարեւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2023