ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ԵՆԹԱԳԵՏԻՆԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան արդէն ամբողջ թափով ձեռնամուխ եղած է նոր շրջանի ենթագետինը պատրաստելու ուղղեալ աշխատանքներուն։ Ան երէկ մասնակցեցաւ Հաշուապահ ատեանի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ կատարուած հաւաքոյթին, որու ընթացքին կարեւոր պատգամներ տուաւ՝ ընտրութիւններուն յաջորդած իրավիճակին մէջ։ Այսպէս, Էրտողան համոզուած է, թէ նախագահական կառավարման համակարգը արդէն արժանացած է ազգի վստահութեան քուէին։ Սա ընտրութիւններու արդիւնքով յայտնի եղած է բացայայտօրէն։ Արդարեւ, ընտրութիւններու արդիւնքը եկած է վերջակէտ մը դնելու՝ հին դրութեան վերադառնալու վերաբերեալ վէճերուն։ «Մեր երկիրը փակած է ճանապարհը, որպէսզի չկրկնուին համախոհական իշխանութիւններու այն շրջանները, երբ քանի մը ամիսը անգամ մը կառավարութեան փոփոխութիւն կ՚ըլլար։ Յամենայնդէպս, մենք պիտի չարտօնենք, որ որեւէ վերադարձ ըլլայ։ Քայլեր պիտի առնենք, որպէսզի այս համակարգը բանի աւելի կատարելագործուած ձեւով։ Այս բանը ընելու ժամանակ վնաս պիտի չհասցնենք՝ մեր երկրի, ազգի ու ժողովրդավարութեան ձեռքբերումներուն», ըսաւ վերընտրեալ նախագահը։

Ըստ Անգարայէն հասած լուրերուն, Էրտողան այս շաբաթ օրը պիտի կատարէ իր երդումը։ Այսպէս, ժամը 14.00-ին Ազգային մեծ ժողովի մէջ պիտի երդուէ եւ աւելի վերջ յարգանքի այցելութիւն մը պիտի տայ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Յետմիջօրէին Պեշթեփէի համալիրին մէջ Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնապէս պիտի ընդունի շնորհաւորականները։ Իսկ երեկոյեան ան Չանքայայի ապարանքէն ներս ընթրիքի սեղանի մը շուրջ պիտի համախմբուի այն պետութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնք իր երդման արարողութեան մասնակցելու համար Անգարա պիտի գան։ Նոյն օրը աւելի ուշ ժամերուն ալ Էրտողան պիտի հրապարակէ նոր նախարարաց խորհուրդի կազմը։

Երէկ, նախագահ Էրտողան վերջին անգամ մէկտեղուեցաւ՝ պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտած նախարարաց խորհուրդի անդամներուն հետ, որոնց հրաժեշտ տուաւ։ Բաց աստի, Պեշթեփէի համալիրին մէջ ան մէկտեղուեցաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ, որ նոր խորհրդարանի բացման փուլին դիւանի ընտրութենէն առաջ պիտի վարէ երեսփոխաններու երդման նիստը։ Էրտողան-Պահչելի զրոյցը տեւեց 45 վայրկեան։  

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2023