ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԵՐՍԿՍՄԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ

Ապրիլ-մայիս ամիսներուն Հայաստան եւ Ատրպէյճան անդադար բանակցութիւններու մէջ էին՝ տարբեր միջազգային դերակատարներու նախաձեռնութեամբ։ Նախ Ուաշինկթընը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Արլինկթընի քառօրեայ բանակցութիւնները… Յետոյ  Շարլ Միշելի հրաւէրով Պրիւքսելը, ուր Հայաստան եւ Ատրպէյճան ճանչցան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Եւ երրորդը՝ նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ Մոսկուայի մէջ, որմէ ետք Ալիեւ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ իր ռազմական եւ հռետորական յարձակումները սաստկացուց՝ ոտնահարելով միջազգային օրէնքի բոլոր կանոնները։ Մայիսի 26-ին Հայաստանի սահմանը անցնելով առեւանգեց հայ երկու զինուոր։ Լաչինի մէջ, Մայիսի 28-ի օրը ընտրեց Արցախի կառավարութեան եւ երեսփոխաններուն ներում շնորհելու պայմաններու եւ Արցախի Հանրապետութիւնը հիմնովին կազմալուծելու իր ծրագիրը յայտարարելու համար. «Բոլորը գիտեն, որ այսօր այս տարածաշրջանին մէջ, մենք ամէն կարելիութիւն ունինք՝ գործողութիւններ (իմա՝ զինեալ) կատարելու համար։ Այդ պատճառով խորհրդարանը (Արցախի) պէտք է լուծարուի, իսկ ան որ ինքզինք նախագահ կ՚անուանէ, պէտք է յանձնուի։ Բոլոր նախարարները, երեսփոխանները պէտք է հեռացուին իրենց պաշտօններէն։ Միայն այդ պարագային մենք անոնց նկատմամբ զիջումներ կը կատարենք։ Միայն այդ պայմանով համաներման մասին կարելի է խօսիլ»։

Ալիեւ, որ յատուկ հրաւիրեալ մըն էր Մոսկուայի մէջ 25 մայիսին կայացած Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին,- Ատրպէյճան անդամ չէ այդ կառոյցին- յայտարարեց, որ Ռուսաստան բոլորովին համամիտ է Բերձորի միջանցքի Հակարի կամուրջին Ատրպէյճանի սահմանային անցակէտի տեղադրումին։ Այդ անցակէտը կը գտնուի ռուսական ռազմակայանէն 20 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Իսկ «Զանգեզուրի միջանցք» եզրի գործածութեան դէմ վարչապետ Փաշինեանի հակազդեցութեան քմծիծաղով պատասխանեց՝ յայտնելով, որ այս կէտին շուրջ եւս Ռուսաստան համաձայն է։ Նախագահ Փութին Փաշինեան-Ալիեւ բանավէճին հակազդեց՝ ըսելով, որ երկու եզրերու սահմանումներուն մէջ տարբերութիւններ կան, սակայն կարեւորը այն է, որ տարածքային ամբողջականութեան մասին սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է։ Չհերքելով Ալիեւի պնդումները, որոնց երկուքն ալ հակոտնեայ են 9 նոյեմբեր 2020 թուականի համաձայնագրի տրամադրութիւններուն, Փութին լռելեայն հաստատեց Ռուսաստան-Ատրպէյճան բացարձակ համախոհութիւնն ու գործակցութիւնը։

Մայիսի 25-ի նշեալ վեհաժողովին նախագահ Փութին քանի մը անգամ շեշտեց ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու միջեւ ապրանքի շրջանառութեան ծաւալներու աճը՝ մա՛նաւանդ անկէ Հայաստանի քաղած առաւելութիւնը եւ անոր ձեռք բերած բացառիկ՝ 12 տոկոս տնտեսական աճը։ Շատ կարեւոր շեշտադրում մը՝ Ռուսաստանէն Հայաստանի տնտեսական կախուածութիւնը ընդգծող եւ միեւնոյն ժամանակ յատուկ հրաւէր մը Ատրպէյճանին, որպէսզի անդամակցի այդ կառոյցին. բան մը, որուն Հայաստան դեռ չէ հակազդած։

Իսկ Ալիեւ աւելի հեռու երթալով, անտեսելով բանակցութիւններու ընթացքին ընդունուած որոշումները, նոյնիսկ միջազգային դերակատարները ծաղրելով յայտարարեց. «Ապրիլի 23-ին տեղադրուած սահմանային անցակէտը պէտք է դաս ըլլայ Ղարաբաղի մէջ այսօր ապրող հայերուն։ Ցաւօք սրտի, դեռ չես գիտեր որու վրայ յոյս դրած են. կարծես մէկը պիտի գայ ու պիտի փրկէ, մէկը որ պիտի գայ ու պատերազմի Ատրպէյճանի դէմ։ Այս ամէնը անհեթեթութիւն է։ Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի ընթացքին մենք դրսեւորեցինք հզօր կամք եւ եթէ այն ժամանակ դուրսէն ոչ ոք համարձակեցաւ միջամտել, ապա այսօր, մինչ մենք դարձած ենք այս բոլոր հողերուն տէրը, ո՞վ հայերուն փոխարէն պիտի գայ եւ կռուի մեր դէմ»։

Յունիսի սկիզբին ծրագրուած է Քիշնեւի մէջ Շարլ Միշելի, Էմաննիւէլ Մաքրոնի եւ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ հանդիպումը։ Յաջորդական չորրորդ ժողովը... Պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը երթալով կը բարձրանայ՝ մա՛նաւանդ, երբ բանակցութիւններուն զուգահեռ խուլ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, միջազգային դերակատարներու խիստ կրաւորական հակազդեցութեան դիմաց։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2023