ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Պատմաբան Տքթ. Թանէր Աքչամ երէկ երեկոյեան դասախօսութիւնով մը հանդէս եկած է Անթիլիասի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Թանէր Աքչամ անդրադարձաւ Եղեռնի ուսումնասիրութեան պարզած ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը, որ կազմակերպած էր դասախօսութիւնը, հրաւիրած էր Միացեալ Նահանգներու «Քլարք» համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Թանէր Աքչամը, ներկայացնելու համար օրուան նիւթը: Հանդիսութեան նախագահեց Արամ Ա. Կաթողիկոս: Ներկայ էին միաբան հայրեր, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ եւ պատմութեամբ ու հայկական հարցի ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուողներ: Փացման խօսքը կատարեց Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան, որ ներկայացուց Աքչամը իբր մարդկային իրաւանց գործիչ, ազդու հեղինակ եւ պատմաբան: Ապա խօսեցաւ անոր կենսագրականին եւ մտաւորական վաստակին մասին ու բեմ հրաւիրեց հիւր դասախօսը:
Աքչամ իր դասախօսութիւնը կեդրոնացուց «Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան» վրայ: Ան անդրադարձաւ անոր պատմականին՝ խօսելով հայ, թուրք եւ օտար կարեւոր մտաւորականներու մասին, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Եղեռնի դրդապատճառներուն, ժամանակահատուածի, եւ տարբեր երեսներու ուսումնասիրութեան մէջ: Աքչամ լուսարձակի տակ առաւ մտաւորականներուն զանազան մօտեցումները եւ հայկական հարցին կապուած դէպքերուն այլազան վերլուծումները: Դասախօսութեան ամենէն շահեկան բաժինը, անոր կատարած մէջբերումներն էին առնուած օսմանեան արխիւներէն, որոնց հիման վրայ ան հաստատեց իր կարծիքը, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած եւ լաւապէս կազմակերպուած էր, որ գործադրուեցաւ օրուան օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ստեղծուած առաջին իսկ յարմար առիթին: Դասախօսութեան աւարտին, Աքչամ մտահոգութիւն յայտնեց տակաւ առ տակաւ նուազող համապատասխան մասնագէտներու թիւին մասին եւ հրաւիրեց երիտասարդ ուսանողները, որպէսզի նուիրուին պատմութեան ու յատկապէս այս նիւթին ուսումնասիրութեան: Ապա, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն, որ իրենց հարցումներով յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանան:
Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որպէսզի եզրափակէ երեկոն: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Աքչամի լրջութիւնը այս ուսումնասիրութիւններուն մէջ, զինք որակելով իբր անաչառ պատմաբան: Արամ Ա. Կաթողիկոս, անդրադարձաւ Աքչամի կատարած ներդրումին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատին մէջ: Ան նաեւ ներկայացուց Կաթողիկոսարանի դատական յանձնախումբի անդամ փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլուն, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 27 Ապրիլ 2015-ին, դատական թղթածրարը ներկայացուցած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին: Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը բաժնելով Աքչամի մտահոգութիւնը կոչ ուղղեց հայ երիտասարդ ուսանողներուն նուիրուելու այս ճիւղին, եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործնապէս օժանդակելու բոլոր այն երիտասարդներուն, որոնք կ՚ուզեն մասնագիտանալ սոյն ուսումնասիրութեան առընչուող մարզերէն ներս: