ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ե­րէկ Ան­թի­լիա­սի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ա­շոտ Քո­չա­րեան։

Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան ընդ­հան­րա­պէս Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ վեր­ջին շրջա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ տի­րող կա­ցու­թեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015