ԽԺԴԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԱՆՅԱՐԻՐ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կագ­ի­նի բարձ­րաց­ման բե­րու­մով սկսած բո­ղո­քի ա­լի­քը կը շա­րու­նա­կուի։ «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին եւ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ կը շա­րու­նա­կէ իր ցոյ­ցե­րով ա­ռար­կայ դառ­նալ հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­րէկ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րով ներ­կայ փու­լի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց պատ­գամ­նե­րը փո­խան­ցե­ցին եւ անդ­րա­դար­ձան ի­րենց յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ ցու­ցա­րար­նե­րը չյա­ջո­ղե­ցան ձե­ւա­ւո­րել նոր հա­մա­կար­գող խումբ մը։ Ցու­ցա­րար­նե­րէն եր­կու ե­րի­տա­սարդ­ներ յայ­տա­րա­րած են հա­ցա­դուլ եւ ա­նոնց վի­ճա­կով հե­տաքրք­րուող­նե­րու շար­քին գտնուած է նաեւ Ե­րե­ւա­նի փոխ-ոս­տիա­կա­նա­պետ Վա­լե­րի Օ­սի­տեան։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նա­պետ Վլա­տի­միր Գաս­պա­րեան ե­րէկ եւս հան­դէս ե­կաւ շի­նիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան ը­սաւ, թէ Հա­յաս­տա­նին յա­րիր չեն խժդժու­թիւն­նե­րը եւ եր­կի­րը խա­ղա­ղու­թեամբ պէտք է անց­նի իր ճա­նա­պար­հը։ Ըստ ի­րեն, դժգո­հու­թիւն­նե­րը ազ­դակ­ներ են, ա­նոնք միշտ կան, պէտք է ըլ­լան, իսկ պաշ­տօ­նեա­նե­րը պէտք է ըլ­լան զգօն այդ ազ­դակ­նե­րուն նկատ­մամբ։ Պաշ­տօ­նեան հա­կուած պէտք է ըլ­լայ երկ­խօ­սու­թեան։ Ան այս հա­մո­զում­նե­րը յայտ­նած է Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի վրայ քա­նի մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին։ Գաս­պա­րեան ընդգ­ծած է, թէ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հան­դուր­ժող է ա­ռա­ւե­լա­գոյն։ Այդ հան­դուր­ժո­ղու­թեան պատ­ճա­ռը այն է, որ ի­րենք չեն փա­փա­քիր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու վնա­սուի­լը ու ա­նոնց հա­ւա­տին կոր­սուի­լը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015