ՀԱԼԷՊԻ «ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ»Ը Կ՚ՈՒՇԱՆԱՅ. ԻՆՉՈ՞Ւ

Անց­նող օ­րե­րուն Հա­լէ­պի վրայ ին­կած են երեք հարիւր հրթիռ­ներ եւ հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րը ե­ղած են ան­նա­խըն­թաց: Երեք օ­րե­րու վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ռմբա­կո­ծում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հե­րուն թի­ւը հա­սած է քառասունի, մինչ վի­րա­ւոր­նե­րուն թի­ւը հա­տած է երկու հարիւրը: Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն Հա­լէ­պը հա­մե­մա­տա­բար այլ շրջան­նե­րու «հան­դար­տու­թիւ­ն» մը կ՚ապ­րի չնա­յած ա­նոր, որ քա­ղա­քը ջու­րի, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան եւ հա­մա­ցան­ցի ծանր տագ­նապ­ներու մէջ է: Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան տար­բեր կայ­քեր անց­նող օ­րե­րու ծանր հրթի­ռարձ­կում­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ չհա­ղոր­դե­ցին: Սա­կայն նկա­տե­լի է, որ ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­ներ նոր հանգ­րուա­նի մը կը պատ­րաս­տուին: Լի­բա­նա­նեան «Ալ Սա­ֆի­ր» օ­րա­թեր­թը, որ յայտ­նի է Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պեշ­ար Է­սա­տի եւ ա­նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կողմ­նա­կից ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով՝ կը գրէ, թէ ընդ­դի­մու­թեան շեր­տե­րուն մէջ լուրջ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ կան: Կը հա­ղոր­դուի նաեւ, որ «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տի զի­նեալ­նե­րը չեն մաս­նակ­ցած վեր­ջին օ­րե­րու հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րուն եւ գետ­նի վրայ շուրջ վեց խմբա­ւո­րում­ներ միա­նա­լով ստեղ­ծած են  «Հա­լէ­պի գրաւ­ման զի­նուո­րա­կան յա­տուկ գրա­սե­նեա­կ»: «Ալ Նըս­րա», որ կը տի­րա­պե­տէ ար­դիա­կան զէն­քե­րու, այդ տուեա­լէն ան­դին կա­րե­ւոր ռազ­մա­վա­րա­կան այլ գոր­ծօն մը ու­նի: Ա­նոր «անձ­նաս­պա­նա­կան ջո­կա­տ»­նե­րը զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ կրնան կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն­նե­րու դուռ բա­նալ: Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ «Ալ Նըս­րա»ի բո­լոր բան­բեր­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն լռու­թիւն պա­հել «Հա­լէ­պի ճա­կա­տա­մար­տ»ին մա­սին, ակ­նե­րեւ է, որ նոյն խմբա­ւո­րու­մը ներ­կայ պա­հուն յայտ­նուած է դի­տո­ղի դե­րին մէջ: Ո­րե­ւէ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն կրնայ ա­ւե­րիչ ըլ­լալ ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րուն հա­մար, ե­թէ ա­նոնք միաս­նա­կան ծրա­գիր մը չու­նե­նան: Ինչ կը վե­րա­բե­րի Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն, ա­նոնք կը յա­ջո­ղին ի­րենց տի­րա­պե­տու­թեան տակ ե­ղող շրջան­նե­րը պա­հել: Այս բո­լո­րէն զատ տու­ժող կող­մը քա­ղա­քի տար­բեր հա­տուած­նե­րու ան­զէն քա­ղա­քա­յին­ներն են, ո­րոնք Հա­լէ­պէն հե­ռա­նա­լու պայ­ման­ներ չու­նին:

Հայ­կա­կան գետ­նի վրայ մինչ հայ­կա­կան լրա­տուա­կան մի­ջոց­ներ կը շա­րու­նա­կեն Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բեր Ժի­րայր Ռէի­սեա­նի խօս­քե­րը եւ «յոր­դո­ր»­նե­րը հրա­պա­րա­կել, ան­դին կը հա­ղոր­դուի հա­լէ­պա­հայ Ֆեր­նանտ Նի­կո­ղո­սեա­նի վի­րա­ւոր­ման մա­սին լու­րը: Հա­լէ­պի մէջ կեան­քի նշան­նե­րը չեն դադ­րած եւ ի­րա­վի­ճա­կին «գո­հա­ցու­ցի­չ» ըլ­լա­լուն մա­սին կը խօ­սի Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սա­ր» շա­բա­թա­թեր­թը, որ հեր­թա­կան ան­գամ կը հրա­պա­րա­կէ գա­ղու­թին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նարկ­նե­րու եւ նոյ­նիսկ «Քա­րէն Եփ­փէ ազ­գա­յին ճե­մա­րա­նի ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ: Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ մինչ հայ­կա­կան օ­ճա­խը ա­րիւ­նա­գամ վի­ճակ մը ու­նի, տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րէ եւ մէ­կէ ա­ւե­լի բան­բեր­նե­րէ կը հնչեն «Հա­լէ­պի գա­ղու­թը պահ­պա­նե­լու» մա­սին կո­չե­րը: Այս բո­լո­րը կան, այս բո­լո­րը նո­րու­թիւն չեն: Սա­կայն այս­տեղ բա­ցա­կա­յո­ղը այն հա­լէ­պա­հա­յուն ձայնն է, որ պա­տե­րազ­մի ա­մենէն ծանր օ­րե­րը կ­՚ապ­րի, կորսն­ցու­ցած է երկ­րէն հե­ռա­նա­լու բո­լոր յոյ­սե­րը, տոմս գնե­լու դրամ չու­նի եւ յոյ­սը, որ դրած է Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն վրայ, ար­դէն չքա­ցած է: Նոյն ա­ռու­մով այլ շեշ­տադ­րում մը կայ Ժի­րայր Ռէի­սեա­նի տուած վեր­ջին հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ («168 Ժա­մ»), ուր ան գո­վա­սան­քով կը խօ­սի Հայաստանի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին եւ կը վստա­հեց­նէ, որ Հա­յաս­տան չէ թե­րա­ցած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մէջ: Ռէի­սեան նաեւ կը դի­տար­կէ, որ ի­րենք լաւ գի­տեն, թէ Հա­յաս­տա­նի մար­մին­նե­րը բա­ւա­րար ուժ չու­նին հա­յե­րու տար­հա­նա­ման կամ օ­ժան­դա­կու­թեան ո­րե­ւէ քայլ նե­տե­լու ա­ռըն­թեր: Այս­տեղ օ­ղա­կը կը փա­կուի: Հար­ցադր­ման ար­ժա­նի են, Հայաստանի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդուարդ Նալ­պան­տեա­նի, ինչ­պէս նաեւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ան­դամ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն Դա­մաս­կոս տուած այ­ցին ար­դիւնք­նե­րը: Այս ա­ռու­մով Հայաստանի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը շատ հա­ւա­նա­բար կ­՚ու­զեն լռու­թիւ­ն պա­հել՝ կա՛մ ա­նոր հա­մար, որ ի­րենց ի գոր­ծ դրած ճի­գե­րը պէտք է փակ սե­նեակ­նե­րու մէջ մնան, կա՛մ ալ այն պա­տաճ­ռով, որ Հայաստանի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չեն ու­զեր Սփիւռ­քի ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն (յատ­կա­պէս Ան­թի­լիա­սի ա­թո­ռին) թե­լադ­րանք­նե­րուն հա­կա­ռակ եր­թալ եւ հա­լէ­պա­հա­յե­րու տուն­դար­ձը ա­պա­հո­վել: Այս շփո­թա­հար ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ա­մենէն ող­բեր­գա­կա­նը Ռէի­սեա­նի խօսքն է, ուր ան դար­ձեալ Հա­լէ­պը ա­պա­հով վայր կը հա­մա­րէ եւ կ­՚ը­սէ. «Ե­թէ նոյ­նիսկ ցան­կու­թիւն ու­նե­ցող­ներ ըլլան դուրս գա­լու երկ­րէն, ա­պա սխալ կ՚ըլլայ տե­ղա­շար­ժուիլ, դուրս գալ երկ­րէն, երբ յստակ է, որ անվ­տան­գու­թիւն, ա­պա­հո­վու­թիւն չկայ, այս­պէս կամ այն­պէս, այս­տեղ անոնք ի­րենց երկ­րին մէջ են, ի­րենց տա­նը, բայց ե­թէ դուրս գան, կրկին ա­նա­պա­հո­վու­թիւն կրնան ու­նե­նալ, անոնք չու­նին բնա­կու­թեան վայ­րի ու աշ­խա­տա­վայ­րի վե­րա­բե­րեալ ե­րաշ­խիք­ներ, ա­պա ի՞նչ ի­մաստ ու­նի երթա­լը»: Այս­պէս Հա­յաս­տան գա­լը, ըստ Ռէի­սեա­նի կը դառ­նայ ա­նի­մաստ, ո­րով­հե­տեւ հոն ա­պա­հո­վու­թեան «ե­րաշ­խիք­նե­ր» չկան:

Հա­լէ­պի ծայ­րա­մա­սե­րուն ըն­թա­ցած վեր­ջին օ­րե­րու զի­նուո­րա­կան բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին իս­լա­մա­կան տար­բեր խմբա­ւո­րում­ներ գոր­ծա­ծած են ա­մե­րի­կեան «Թաու» տի­պի հրթիռ­ներ: Այս հրթիռ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը թէեւ ա­ռա­ջի­նը չէ, սա­կայն կրնայ նոր հար­թու­թեան տա­նիլ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քը: Քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ մինչ Սու­րիոյ հար­ցե­րով ՄԱԿ-ի պա­տուի­րակ՝ Ս­թեֆըն Տե­միս­թու­րա Դա­մաս­կոս կ­՚այ­ցե­լէ ու հան­դի­պում կ­՚ու­նե­նայ Նա­խա­գահ Էսա­տին հետ, ան­դին ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րը «բաց պատ­գա­մ» մը տա­լով կը յայ­տա­րա­րեն, որ ի­րենք քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան պատ­րաստ չեն եւ ա­նոր Դա­մաս­կոս գտնուած շրջա­նին կը սաստ­կաց­նեն ռմբա­կո­ծում­նե­րը: Այս­տեղ խնդի­րը ա­ւե­լիով կը բար­դա­նայ, ո­րավ­հե­տեւ ՄԱԿ-ի թիւ մէկ բա­նակ­ցոր­դը ե­կած է տկար կող­մին մօտ: Բո­լո­րը կ­՚ըն­դու­նին, որ Է­սատ ա­ռա­ջուան տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը չու­նի: Ու­րեմն բա­նակ­ցիլ ո­րո՛ւն հետ: Եւ ո՛վ է երկխօսութեան տէ­րը: Այս վի­ճակ­նե­րէն մեկ­նե­լով է նաեւ, որ ա­մե­րի­կա­ցիք այ­սօ­րուան դրու­թեամբ եւ ա­ռանց բարձ­րա­ձայն ե­լոյթ­ներ ու­նե­նա­լու հա­մա­միտ են, որ Է­սատ շա­րու­նա­կէ իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լը կը պայ­մա­նա­ւո­րուի ո՛չ միայն ա­նոր տկար ըլ­լա­լով, այլ այդ մօ­տե­ցու­մը կը բա­ցա­յայ­տէ, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պին կամ գէթ հոն ըն­թա­ցող ա­րիւ­նա­հո­սու­մին վերջ մը ցարդ ե­րե­ւե­լի չէ: Ճա­կատ­նե­րը կրնան փո­խուիլ, Հա­լէ­պը եւ Դա­մաս­կո­սը կրնան նօս­րա­նալ, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կրնան նա­հան­ջի տա­նիլ ի­րենց ու­ժե­րը, սա­կայն մէկ բան յստակ է, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը պի­տի շա­րու­նա­կուի:

Հա­լէ­պի ճա­կա­տա­մար­տը, որ ընդ­դի­մու­թեան կա­րե­ւոր «ե­րա­զանք­նե­ր»էն մէկը յստակ չէ, թէ ե՛րբ կրնայ բռնկիլ: Ու տա­կա­ւին ա­նո­րոշ է, որ նոյն Հա­լէ­պի ճա­կա­տու­մը իշ­խա­նու­թեան կամ ընդ­դի­մու­թեան իս­լա­մա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն մի­ջեւ պի­տի պա­տա­հի:

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին այս փու­լը նոր քար­տէս­նե­րու գծագր­ման փուլն է: Պայ­մա­նա­ւով, որ խա­ղին մաս­նա­կից բո­լոր հիմ­նա­կան ու­ժե­րուն փա­փա­քը ի կա­տար ա­ծուի եւ այդ փա­փա­քը տկար, ա­նօ­րի­նա­կան, բզկտուած եւ վի­րա­ւոր Սու­րիոյ մը ե­րե­ւումն է: Ի վեր­ջոյ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը կրնայ նա­հան­ջել երբ այս պայ­մա­ննե­րը լրա­ցուին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015