Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԱՅՑ
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շրջագծով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին յառաջիկայ շրջանին հերթական անգամ այցելել հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Պաքուի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ռապըրթ Սեքութա ԱՓԱ գործակալութեան յայտարարեց, թէ տակաւին յայտնի չէ միջնորդներու այցելութեան յստակ ժամկէտը։
Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խաղերու բացման ժամանակ անոնք պայմանաւորուած էին յառաջիկայ շրջանին դարձեալ տարածքաշրջան վերադառնալու ուղղութեամբ։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015