ԱՐՄԱՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԵԼՔ

Ֆրանսայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Հանրապետութեան նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոն մօտաւոր անցեալին լուծարած էր Ֆրանսային Ազգային ժողովը։ Քուէարկութեան առաջին փուլին մասնակցութեան համեմատութիւնը եղաւ բաւական բարձր՝ վերջին քառասուն տարուան կտրուածքով։ Ֆրանսացի ընտրողները ընտրութեան առաջին փուլին ազգայնական քաղաքական ուժերուն ի նպաստ հանդէս եկան լուրջ մեծամասնութեամբ։ «Ազգային համախմբում»ը 34.2 առ հարիւր քուէ հաւաքելով զբաղեցուց առաջին դիրքը։ «Ժողովրդական նոր ճակատ»ը որ ձախակողմեան ուժերու համախմբում մըն է հաւաքեց քուէներու 29.1 տոկոսը։ Նախագահ Մաքրոնի առաջնորդած «Միասին»ը ունեցաւ 21.5 առ հարիւր աջակցութիւն։

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նոր կազմի ձեւաւորման համար բազմաթիւ ընտրաշրջաններէ ներս անհրաժեշտ պիտի ըլլայ երկրորդ փուլի քուէարկութիւն, որ նախատեսուած է յուլիսի 7-ին։

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը այսօր կը հրապարակէ պաշտօնական արդիւնքները։ Մարին Լը Փէնի կողմէ գլխաւորուած ծայրայեղ աջակողմեաններու վարչապետի թեկնածուն է Ժորտան Պարտելա։ Նախագահ Մաքրոն, որու պաշտօնավարութեան ժամկէտը պիտի աւարտի 2027-ը թուականի ապրիլին, ընտրութիւններէն առաջ յայտարարած էր, թէ հրաժարական պիտի չտայ նոյնիսկ «Ազգային համախմբում»ի յաղթանակի պարագային։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024