ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն մասնակցեցաւ Տուպրովնիքի միջազգային ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ ան մէկտեղուեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ճոզէֆ Պորէլի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Պորէլ կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան ապահովման համատեսքին մէջ Միրզոյեան ընդգծեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման անհրաժեշտութիւնը։ Ան մատնանշեց նաեւ տարածաշրջանէն ներս իսկական կայունութեան հետամուտ գործընկերներու արժէքայեն մօտացումներու կարեւոր նշանակութիւնը։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն օրակարգային հարցերուն։