ԱՐԴԵՕՔ ԹԱԼԵՊԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ISIS-Ի ՄԷԿ ԹԵՒԸ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱ՞Յ

Ե­րեք օր տե­ւած լռու­թիւ­նէ մը ետք Աֆ­ղա­նիս­տա­նի «Թա­լե­պան շար­ժու­մ­»ը յայ­տա­րա­րեց, իր նոր ա­ռաջ­նոր­դին նշա­նակ­ման մա­սին: Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը նաեւ կը յայտ­նէր, որ շար­ժու­մի նախ­կին ղե­կա­վար Մոլ­լա Օ­մար մա­հա­ցած է: Մոլ­լա Օ­մա­րի սպան­ու­թեան մա­սին լու­րե­րը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուե­ցան Փա­քիս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ: Մէ­կէ ա­ւե­լի աղ­բիւր­ներ այս մա­սին լրա-տըւու­թիւն­ներ գրե­ցին եւ յայտ­նե­ցին, որ Մոլ­լա Օ­մար մա­հա­ցած է եր­կու տա­րի ա­ռաջ (Ապ­րիլ 2013) եւ ըստ հա­ղորդուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն՝ Թա­լե­պա­նի նախ­կին ա­ռաջ­նոր­դին (53 տա­րե­կան) մա­հուան պատ­ճա­ռը հի­ւան­դու­թիւնն էր: Մոլ­լա Օ­մա­րի ա­նու­նը ա­ռա­ջին ան­գամ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած էր 1996 թուա­կա­նին, երբ վեր­ջինս խումբ մը հա­մա­խոհ­նե­րու հետ կը կազ­մէր «Թա­լե­պան Ա­ֆղանիս­տա­ն» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը: Աֆ­ղա­նիս­տա­նի Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան փլու­զու­մէն ետք եր­կի­րը յայտ­նուած էր պա­րա­պու­թեան մէջ: Մոլ­լա Օ­մար շատ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը մէջ կը յա­ջո­ղէր իր շուրջ հա­մախմ­բել երկ­րի բո­լոր ար­մա­տա­կան ու­ժե­րը եւ մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տարե­լով հեր­թա­բար գրա­ւել՝ Քան­տա­հար, Հալ­ման, Զա­պէլ եւ Ի­րաթ աֆ­ղա­նա­կան քա­ղաք­նե­րը, իսկ 1996 թուա­կա­նին թա­լե­պան­նե­րու ա­ռա­ջին ջո­կատ­նե­րը կը հաս­նէին Քա­պուլ: Այդ­պէ­սով Թա­լե­պան յա­ջո­ղե­ցաւ իր տի­րա­պե­տու­թիւ­նը տա­րա­ծել Ա­ֆ­­ղանիս­տա­նի տա­րածք­նե­րուն 100 առ հա­րիւ­րին (Աֆ­ղա­նիս­տա­նի տա­րա­ծու­թիւնն է 65.000 քա­ռա­կու­սի քի­լօ­մեթր)։ Ատ­կէ ետք է, որ թէժ պայ­քար կ­­ը սկ­­սէր մէկ կող­մէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ ա­նոր դաշ­նա­կից ու­ժե­րուն, միւս կող­մէ ալ՝ թա­լե­պան­նե­րու մի­ջեւ: Շատ մը վեր­լու­ծա­բան­ներ Թա­լե­պան շար­ժու­մը կը հա­մա­րեն «Էլ Քա­ի­տէ» շար­ժու­մին նա­խա­հայ­րը: Թա­լե­պան շար­ժու­մը կը յա­ջո­ղէր զօ­րա­նոց­ներ հաս­տա­տել երկ­րի լեռ­նա­յին շրջան­նե­րուն մէջ, ուր տար­բեր եր­կիր­նե­րէ իս­լա­մա­մէտ զի­նեալ­ներ (Փա­քիս­տա­նէն, Չե­չե­նիա­յէն եւ նոյ­նիսկ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէ) Աֆ­ղա­նիս­տան հաս­նե­լով կը պատ­րաս­տուէին «սրբա­զան պա­տե­րազ­մ­»ին: Այդ հանգ­րուա­նին «սրբա­զան պա­տե­րազ­մ» ը­սուա­ծը կը վե­րա­բե­րէր ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րուն դէմ կռուե­լու: Ա­ւե­լի ուշ Թա­լե­պան անձ­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով «ցաւց­նո­ղ» հա­րուած­ներ կու­ տար ա­մե­րի­կեան ու­ժե­րուն, այն­քան, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գե­րուն մէջ կը մնար Թա­լե­պա­նի հետ խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի մը սկսե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Բա­ցի այդ, երկ­րին նա­խա­գա­հը՝ Աշ­րաֆ Ղա­նի Ահ­մա­տի Զայ եւս յոգ­նու­թեան նշան­ներ ցոյց կու­ տար ու այս խնդրին լուծ­ման հիմ­նա­կան միջ­նոր­դը կը դառ­նա­յին Փա­քիս­տա­նի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան մար­մին­նե­րը:

Մոլ­լա Օ­մա­րի մա­հուան լու­րի տա­րած­ու­մէն ետք Թա­լե­պան շար­ժու­մը իր հրա­պա­րա­կած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշէր նաեւ, որ շար­ժու­մին նոր ա­ռաջ­նորդ կար­գած է՝ Մոլ­լա Ախ­թար Ման­սու­րը եւ շար­ժու­մի փոխ-կա­ռա­վա­րիչ ընտ­րած՝ Սա­րաժ Ալ Տին Հաք­քա­նին, որ որ­դին է Թա­լե­պան շար­ժու­մի կա­րե­ւո­րա­գոյն ղե­կա­վար­նե­րէն մէ­կուն՝ Ժա­լալ Ալ Տին Հաք­քա­նիին: Թա­լե­պա­նի «Մաժ­լէս Շու­րա»ին կող­մէ կա­տա­րուած այս նշա­նա­կու­մը ծանր հա­րուած կա­րե­լի է հա­մա­րել Քա­պու­լի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ Մոլ­լա Ման­սուր կտրա­կա­նա­պէս դէմ է բա­նակ­ցու­թեանց սե­ղան նստե­լու: Փա­քիս­տա­նեան ճա­կա­տին վրայ երկ­րի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ մեծ յոյ­սեր ու­նէին, թէ Թա­լե­պան շար­ժու­մի ի­րենց ընտ­րե­լա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Ապ­տըլ Ղա­նի Պա­րա­տա­րը իշ­խա­նու­թեան գլուխ գար: Ապ­տըլ Ղա­նի Պա­րա­տա­րի ա­նու­նը անց­նող շա­բաթ­նե­րուն, որ­պէս շարժ­ման ղե­կա­վա­րի գլխա­ւոր թեկ­նա­ծու շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած էր: Վեր­ջինս Մոլ­լա Օ­մա­րի կող­մէ տա­րի­ներ ա­ռաջ նշա­նա­կուած էր կազ­մա­կեր­պու­թեան երկ­րորդ ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նին, բայց Փա­քիս­տա­նի գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան մար­մին­նե­րուն կող­մէ Քա­րա­չիի մէջ ձեր­բա­կա­լուե­լէ ետք ո­րոշ շրջան մը բան­տար­կուած մնա­ցած էր: Թա­լե­պա­նի ներ­կայ ա­ռաջ­նոր­դին հա­մար գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ սե­ղան նստի­լը բա­ցա­ռուած է: Ան «վարձ­կան եւ Ա­մե­րի­կա­յին ծա­խուած լծա­կ» կը հա­մա­րէ Քա­պու­լի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը:

Իր կուռ կե­ցուածք­նե­րով յայտ­նի Մոլ­լա Ման­սուր Թա­լե­պան շար­ժու­մի վե­րա­նո­րոգ­ման եւ ներ­քին հար­ցե­րու լուծ­ման ա­ռըն­թեր, կա­րե­ւոր ճի­գեր ի­րա­կանա­ցու­ցած է եւ շար­ժման ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար ան ար­դէն 2010 թուա­կա­նէն ի վեր կը հա­մա­րուի Թա­լե­պա­նի հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նոր­դը:

Այս ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թեան մէջ աֆ­ղան­ցի վեր­լու­ծա­բան եւ լրագ­րող Հա­պիպ Հա­քի­մի «Շարք Ալ Աու­սա­թ» թեր­թին յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­նե­լով՝ նկա­տել կու­ տայ, որ Թա­լե­պան շար­ժու­մին մէջ տի­րող ա­նո­րո­շու­թեան հե­տե­ւան­քով չի բա­ցա­ռուիր, որ շարժ­ման երկ­րորդ եւ եր­րորդ սե­րուն­դի զի­նեալ­ներ լքեն ի­րենց զայն եւ միա­նան «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ին (ISIS): Ա­ւե­լի՛ն. ա­նոնք կրնան հիմ­նադ­րել ISIS-ի Աֆ­ղա­նիս­տա­նի եւ Փա­քիս­տա­նի թե­ւը: Վեր­լու­ծա­բա­նը, որ շատ վտան­գա­ւոր կը հա­մա­րէ նման քայլ մը, դի­տել կու­ տայ, որ այն զի­նե­ալ­նե­րը, ո­րոնք կրնան նման քայ­լի մը դի­մել, չեն գոր­ծակ­ցած Մոլ­լա Օ­մա­րին հետ եւ այդ պատ­ճա­ռով ա­նոնց հա­մար քա­ղա­քա­կան ուղ­ղու­թիւն փո­խե­լը մեծ խնդիր մը չէ: Հա­կա­ռակ տի­րող մտա­վա­խու­թիւն­նե­րուն, Աֆ­ղա­նիս­տա­նի «Խա­ղա­ղու­թեան խոր­հուր­դ» կու­սակ­ցու­թիւ­նը ող­ջու­նե­լէ ետք Թա­լե­պա­նի նոր ղե­կա­վա­րի նշա­նա­կու­մը՝ յոյս յայտ­նած է, որ հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ նստիլ բա­նակ­ցու­թեան սե­ղան: Խոր­հուր­դի ղե­կա­վա­րը՝ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Հա­միտ Քար­զայ նոյն­պէս յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րած է ու յայտ­նած է, թէ պատ­րաստ է ձեռք եր­կա­րել Թա­լե­պա­նի նոր ա­ռաջ­նոր­դին:

Այս­տեղ կա­րե­ւոր կը հա­մա­րեմ նշել, որ Թա­լե­պա­նի «Մաժ­լէս Շու­րա»ն կամ «Քուէյ­լա­յի խոր­հուր­դ» ա­նու­նով ճանչ-ցըւած մար­մի­նը Մոլ­լա Ման­սու­րը ա­ռաջ­նորդ ընտ­րե­լէ ետք յար­մար նկա­տած է ա­նոր տիտ­ղո­սը վե­րա­փո­խել եւ զինք կո­չել «Թա­լե­պա­նի է­մի­ր»: Մինչ ան­ցեալ հանգ­րուան­նե­րուն թա­լե­պան­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը կը կո­չուէին «Է­միր Ալ մուը­մի­նի­ն» (հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու իշ­խան), այ­սօր ա­նոնց ա­նու­նը դար­ձած է «Թա­լե­պա­նի իշ­խա­ն»: Այս ա­նուա­նու­մին մէջ ան­գամ դէ­տեր կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն եւ յար­մա­րե­ցում կը նկա­տեն: Շա­տեր կը հա­ւա­տան, որ Թա­լե­պա­նի հա­մար նոր հանգ­րուան մը սկիզբ ա­ռած է ու այդ հանգ­րուա­նը զի­նեալ գոր­ծու­նէու­թե­նէն դէ­պի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւն ան­ցու­մի հանգրուա­նը կրնայ ըլ­լալ:

Այս բո­լո­րը են­թադ­րու­թեան սահ­ման­նե­րը չեն անց­նիր, ո­րով­հե­տեւ Թա­լե­պան շար­ժու­մը հա­մար ա­մե­նօ­րեայ դրու­թեամբ զի­նուո­րա­կան գրոհ­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ եւ կը փոր­ձէ նեղ կա­ցու­թեան մատ­նել Քա­պու­լի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը: Իսկ ա­րա­գօ­րէն դէ­պի քա­ղա­քա­կան դաշտ անց­նի­լը այլ ի­մաս­տով ալ վնա­սա­կար կրնայ ըլ­լալ եւ այդ ի­րա­վի­ճա­կէն կրնայ մե­ծա­պէս օգ­տուիլ ISIS-ը՝ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն դառ­նա­լով:

Աֆ­ղանիս­տա­նի ա­րե­ւել­քը գտնուող Նան­ճար­հար նա­հան­գը կը հա­մա­րուի ISIS-ի հիմ­նա­կան կեդ­րո­նա­տե­ղին: Խմբա­ւո­րու­մը այդ շրջա­նին մէջ կը տի-­րա­պե­տէ վեց քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րու եւ հիմ­նադ­րած է բազ­մա­թիւ զօ­րա­կա­յան­ներ ու կրօ­նա­կան ուս­մուն­քի վար­ժա­րան­ներ:

Այս բո­լո­րէն ետք կա­րե­ւոր պի­տի ըլ­լայ Փա­քիս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօ­տե­ցու­մը: Փա­քիս­տա­նի հա­մար ան­մար­սե­լի է ըն­դու­նիլ ISIS-ի զար­գա­ցու­մը շրջա­նին մէջ: Ու ե­թէ մին­չեւ ներ­կայ հանգ­րուա­նը Թա­լե­պա­նի մէջ Իս­լա­մա­պա­տի ղե­կա­վար­նե­րը մա­սամբ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նէին, ա­պա այս ար­մա­տա­կան նոր ու­ժին՝ ISIS-ի ե­րե­ւու­մով ա­նոնց դե­րը պի­տի նօս­րա­նայ:

Աֆ­ղա­նիս­տա­նը տա­կա­ւին հե­ռու է խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թաց­նե­րէն: Յստակ է սա­կայն, որ Թա­լե­պան շար­ժու­մը, ո­րուն ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հա­մար դեռ ե­րէկ թիւ մէկ պայ­քա­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դէմ կռուիլն էր, այ­սօր խմո­րում­նե­րու նոր հանգ­րուան մը կը բո­լո­րեն: Այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մէջ ISIS կրնայ վճռո­րոշ եւ շրջա­նին հա­մար վտան­գա­ւոր դե­րով հան­դէս գալ: ISIS-ի վտան­գը կրնայ նոյն­պէս թա­փան­ցել Մի­ջին Ա­սիա, Կով­կաս: ISIS-ի Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ գե­տին շա­հի­լը մեծ ծրա­գիր­նե­րու սկիզ­բը կրնայ ըլ­լալ: Ու շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Թա­լե­պան շար­ժու­մը նոր դի­մա­գիծ ստա­նա­լով՝ ISIS խմբա­ւոր­ման կա­րե­ւոր թե­ւե­րէն մէ­կը դառ­նայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2015