ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆՃԱՐ ՉԷ
Ահաբեկչութեան դէմ Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած լայնածաւալ պայքարի կապակցութեամբ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու բովանդակալից յօդուած մը գրի առաւ ամերիկեան «The Washington Post» հեղինակաւոր թերթին մէջ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) եւ ՓՔՔ-ի դէմ ձեռնարկուած գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ լոյս տեսաւ Տավուտօղլուի այս յօդուածը, որու մէջ շեշտուած է, թէ անպատիժ պիտի չմնան այն ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որոնք Թուրքիան թիրախ ընտրած են։ Սուրիոյ եւ Իրաքի դէպքերը առաջին հայեացքով թէեւ կրնան առթել յուսահատութիւն եւ անճարութիւն, սակայն Ահմէտ Տավուտօղլուի համոզմամբ պատմութիւնը իմաստ մը կը ներկայացնէ՝ երբ որ ընկալուի իր ամբողջութեան մէջ։ Հետեւաբար, այս իրողութիւնները պէտք է նկատի ունենալ քննարկելու ժամանակ Թուրքիոյ հարաւին ծայր տուած դժուարութիւնները, որոնք այսօր կը թուին ըլլալ անյաղթահարելի։
Հարաւային սահմաններուն վրայ Թուրքիա կը դիմագրաւէ իր ազգային անվտանգութեան ուղղեալ բազում սպառնալիքներ։ Դամասկոսի մէջ օրինականութիւնը կորսնցուցած վարչախումբն ու ԻՇԻՊ-ը բարբարոսութեան համար կը մրցին իրարու հետ։ Սուրիոյ մէջ հարիւր հազարաւոր մարդիկ կը մահանան եւ միլիոնաւոր մարդիկ կը զրկուին իրենց բնակարաններէն։ Վարչապետը յիշեցուցած է, որ անոնցմէ երկու միլիոնը ապաստան գտած է Թուրքիոյ մէջ։ Ան ընդգծած է, որ ՓՔՔ-ի նման այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ ալ կ՚օգտուին այս պատերազմի թոհուբոհէն եւ ահաբեկչութիւնը կ՚ընկալեն որպէս միջոց՝ իրենց նպատակներուն հասնելու համար։
«Կարճ խօսքով, ըստ երեւոյթին, ահաբեկչութեան ու քաոսի շրջան մը ծնած ըլլալ կը թուի մեր հարաւին։ Բայց եւ այնպէս, ինչպէս որ գիտենք պատմութենէն, գիշերուան ամենախաւար պահը կը նախորդէ արշալոյսին։ Մենք անճար չենք ծանրանալու համար այն խառնաշփոթին վրայ, որուն ականատես կ՚ըլլանք», գրեց Ահմէտ Տավուտօղլու եւ աւելցուց, թէ համատեղ պայքարը պիտի շարունակուի՝ մինչեւ որ ԻՇԻՊ վերջնականօրէն ոչնչացուի։
Ահմէտ Տավուտօղլուի համոզմամբ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու հետ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, դաշնակիցներու հետ միասին, պիտի ապահովէ, որ Թուրքիա ահաբեկիչներու դէմ աւելի ազդու պայքար մը իրականացնէ։ Ինչպէս անցեալին քանիցս եղած է, եթէ Թուրքիա եւ ԱՄՆ գործեն ներդաշնակութեամբ, ապա տարածքաշրջանէ ներս ծայրայեղութիւններու ընթացքը կրնան հակառակ ուղղութեան դարձնել ու կրնան կայունութեան համար գետին ստեղծել։ Տավուտօղլու ընդգծեց, որ ԻՇԻՊ հասարակաց թշնամի մըն է։ «Մինչեւ որ անոնց զէնքերն ու գաղափարախօսութիւնները ոչնչացուին վերջնականօրէն, միասին պայքար պիտի մղենք՝ մեր բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործելով», մատնանշեց Ահմէտ Տավուտօղլու։
Յօդուածին մէջ Տավուտօղլու անդրադարձաւ նաեւ ՓՔՔ-ի ահաբեկչութեան կասեցման եւ անոր զինեալ տարրերու Թուքիայէն հեռացման անհրաժեշտութեան։
Վարչապետը յիշեցուց, որ ժողովրդավարականութիւնը առաւել եւս բարձրացնելով՝ տասնամեակներու բռնութեան վերջ տալու նպատակով պատմական գործընթաց մը յառաջ տարած են, սակայն այս մէկը պիտի չկարենայ վերջնական արդիւնքի հասնիլ՝ առանց ՓՔՔ-ի զէնքերէ ու բռնութենէ հրաժարելէն եւ առանց անոր զինեալ տարրերուն Թուրքիայէ հեռանալէն։