ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԸ
Շաբաթ երեկոյեան Գնալը կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ սաներն ու համակիրները։ Ջրային մարզաձեւերու ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին երաժշտական յայտագիր գործադրեց Արի Պարութօղլու։ Թաթիանա Պոստանն ալ հանդէս եկաւ հայերէն կատարումներով։ Ատենապետ Արսէն Գովանի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տարօն Արսլանեան։
Ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին միութեան նախկին ատենապետներ, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Գամար, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Բացի Գովանէն եւ Արսլանեանէն, միութեան այժմու վարչութեան կազմին մէջ են՝ Քոլին Փեհլիվանեան, Վարդան Պալմումճեան, Այգուն Քիւչիւքեան, Թամար Թերզիօղլու եւ Տենի Ճինճիօղլու։