ԱԿՆԿԱԼՈՒԱԾ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐԸ ՄԻՇՏ Կ՚ՈՒՇԱՆԱՆ
Արցախահայութիւնը անվերջ օրհասական օրեր կ՚ապրի։ Իսկ համայն հայութիւնը՝ մտահոգ ու անճար, կը հետեւի քաղաքական անցուդարձերուն։ Միջազգային եւ Հարաւային Կովկասի ուժի կեդրոններէն կը շարունակեն հնչել հակասական յայտարարութիւններ եւ որոշումներ՝ առանց ստոյգ որեւէ ազդեցութեան իրավիճակին վրայ։
Յուլիսի 15-ի Միշել-Փաշինեան-Ալիեւ Պրիւքսելի հանդիպումէն ետք, Արցախի շրջափակումի հարցը լուծելու համար Ալիեւի յառաջ մղած՝ Ակնայ-Ստեփանակերտ բեռնափոխադրումի առաջարկը դրական արձագանգ գտաւ եւրոպական շրջանակներու կողմէ։ Սակայն, Արցախի իշխանութիւնները չընդառաջեցին՝ պարզ այն պատճառով, որ այդ կը բխէր Արցախը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ընդգրկելու Արեւմուտքի ծրագրէն եւ միաժամանակ կը հակասէր Արցախի մէջ ռուսական շահերուն։
Արցախի գլխաւոր քաղաքական ուժերէն «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Պապայեան կողմ արտայայտուած է այս լուծումին։ Ան կը պնդէ, թէ արցախցիները պէտք է հաշտուին յետպատերազմական քաղաքական նոր իրավիճակին հետ եւ պէտք է ուղղակի երկխօսութեան մէջ մտնեն Ատրպէյճանի հետ։ Կ՚ըսուի, թէ նոյն կարծիքին է նաեւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիթալի Բալասանեան, որուն մասին անցեալ շաբաթ լուրեր տարածուեցան, թէ կալանաւորուած է Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ, սակայն այնուհետեւ ազատ արձակուած է։
Սամուէլ Պապայեանի այս դիրքորոշումը որոշ չափով կը համապատասխանէ Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշման։ Անոնք կը քաջալերեն Արցախ-Ատրպէյճան ուղղակի բանակցութիւնները՝ միջազգային ուժերու հովանիին ներքոյ։ Բնականաբար, «միջազգային ուժերու հովանի»ի ձեւաչափը կը հակասէ ռուսական իշխանութիւններու սպասումներուն։ Անկասկած այս բանաձեւումի նշումով Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚ուզեն ռուսական կողմին յիշեցնել, որ պէտք է դիմէ կտրուկ միջոցներու՝ յարգելով 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի համաձայնութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Լը Մոնտ» թերթի հրապարակած յօդուածին մէջ կը յայտնէ. «Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւնը կարելի է, բայց միայն քաղաքակիրթ աշխարհի գործուն աջակցութեամբ։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է համարձակ քայլերու ձեռնարկէ Սարայպոսնայի ոճով Լեռնային Ղարաբաղի պաշարումը դադրեցնելու համար»։ Բայց քանի որ չկայ Արեւմուտքի բացարձակ աջակցութիւնը, այլ կայ միայն անոր շահադիտական քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքով Բերձորի միջանցքը կը մնայ փակ եւ փոխարէնը՝ կը քաջալերուի օգտուիլ Ալիեւի առաջարկած Ակնայ-Ստեփանակերտ երթուղիէն, այստեղ Ռուսաստան բնաւ աճապարելու պատճառ չի տեսներ Ատրպէյճանին պարտադրելու համար իրեն ընդունելի այլ լուծում մը։ Եւ ընդհակառակն, այս առիթը կը շահագործէ Հայաստանին պարտադրելու համար 44-օրեայ պատերազմի առաջին օրերէն իր յառաջ մղած Ատրպէյճան-Նախիջեւան միջանցքի լուծումը՝ Հայաստան-Արցախ միջանցքի ազատ հաղորդակցութեան դիմաց։
Արցախի մարդկային հաւաքական ողբերգութեան սրումը աւելի ու աւելի կը ստիպէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները արագ լուծում մը գտնելու Արցախի ազգաբնակչութեան ողբերգութեան։ Այս նկատառումէն մեկնած՝ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը առիթ էր քննարկելու կարելի բոլոր լուծումները՝ յա՛տկապէս ռուսական կողմին համար, անոր ազգային շահերէն բխած լուծումը։
Իրան, իր կարգին, ռազմավարական շահերը նկատի առնելով՝ նախքան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Մոսկուա մեկնիլը արագ հանդիպում մը կազմակերպած է երկու երկիրներու նախարարներուն միջեւ եւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին զգուշացուցած՝ Իրանի հիւսիսային սահմանին անցանկալի որեւէ փոփոխութեան դէմ։ Իրան, իր կարգին, վերարծարծած է «3+3» ձեւաչափը, որ բոլորովին կ՚անտեսէ Արեւմուտքի մասնակցութիւնը, Արցախի հարցի լուծումը թողելով տարածաշրջանի գլխաւոր երեք դերակատարներուն՝ Ռուսաստանին, Իրանին եւ Թուրքիոյ. ձեւաչափ մը, որ Թուրքիան մտայղացած էր 44-օրեայ պատերազմի աւարտին։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի