ԱՆՇԵՂ ԱՌԱՆՑՔՆԵՐ
Անգարա-Պաքու համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի անշեղ առանցքներու շուրջ նպատակասլաց ընթացքով։ Թուրքիա-Ատրպէյճան բոլոր բարձր մակարդակի շփումներն ալ առիթ կը դառնան համապատասխան պատգամներու բարձրաձայնուելուն։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հիւրընկալեցին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Ըստ ընդունուած կարգին, նախարարները առանձնազրոյց մը ունեցան, գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Բաց աստի, անոնք Պեշթեփէի համալիրին մէջ միասնաբար ներկայացան նախագահ Էրտողանին։ Այս հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահի աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։
Թրքական լրատուամիջոցները երէկուան իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հաղորդումներուն մէջ շեշտը դրած են՝ Զանգեզուրի միջանցքի ժամ առաջ բացման անհրաժեշտութեան ուղղեալ պատգամներուն վրայ։ Խոշարացոյցի տակ չեն բերուած Արցախի պաշարման վերաբերեալ հարցերը։ Թէեւ հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած են Հաքան Ֆիտանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Լաչինը Ատրպէյճանի տարածք է եւ ան կրնայ ամէն տեսակ գործողութիւն կատարել այնտեղ։
Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ֆիտան նշեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները անկախ են ժամանակէ ու պայմաններէ։ Նախարարին խօսքով՝ 2021-ին՝ թրքական աշխարհի բռնագրաւումէ ազատուած Շուշիին մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ստորագրած էին հռչակագիր մը։ «Շուշիի հռչակագրով ի լուր աշխարհին հռչակուեցաւ հզօր Թուրքիան կը նշանակէ հզօր Ատրպէյճան եւ հզօր Ատրպէյճանը կը նշանակէ հզօր Թուրքիա», ըսաւ ան։
Հաքան Ֆիտան հերթական անգամ բացատրեց, որ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը յառաջ կը տարուի Ատրպէյճանի հետ համակարգումով։ Ան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց, որպէսզի կողմերուն միջեւ խտրականութիւն չկատարուի։ «Խաղաղութիւնը խրախուսեցէ՛ք, քաջալերելու փոխարէն մի՛ կացինահարէք», աւելցուց ան։ Բաց աստի, նախարարը համոզուած է, թէ տարածաշրջանային կայունութեան ու անդորրութեան ճանապարհը կ՚անցնի համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրէն։ Այս առումով Զանգեզուրի կապին բացուիլը մեծ կարեւորութիւն ունի։
Միջանկեալ պէտք է նշել, որ թրքական աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ կան ուշագրաւ երանգներ։ Այսպէս, նախարարին կը վերագրուի «Զանգեզուրի կապը» բանաձեւումը, այսինքն «միջանցք» բառը կը բացակայի։ Յամենայնդէպս, նախագահ Էրտողանի մօտ տեղի ունեցած ընդունելութեան վերաբերեալ պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ օգտագործուած է «Զանգեզուրի միջանցք» բառակապակցութիւնը։
Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամով Անգարայի մէջ յայտնած է, որ Երեւանի դիրքորոշումը ծնունդ կու տայ հարցման նշաններու։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան բացայայտօրէն խրախուսած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանի յաջորդած դիրքորոշումը կարգ մը հարցումներու դուռ բացած է։ 2021 թուականի փետրուարին, Պաքու Երեւանին ներկայացուցած էր խաղաղութեան համաձայնագրին հինգ հիմնական սկզբունքը։ Աւելի վերջ, միջազգային միջնորդներու միջոցաւ սկսան բանակցութիւնները, որոնք ներկայիս կը շարունակուին։ «Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն վերջ, Հայաստանի վարչապետը, թէեւ իբր թէ, սակայն բացայայտօրէն ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այս բանը երկուքուկէս տարի տեւեց։ Կը յուսանք, թէ տակաւին երկար պիտի չշարունակուի այս բանաւոր վաւերացման փաստաթուղթի վերածուիլն ու ստորագրումը», ըսաւ Պայրամով։
Հանրապետութեան նախագահի հաղորդակցութեան բաժանմունքն ալ մանրամասնութիւններ հրապարակեց Պեշթեփէի զրոյցին մասին։ Այսպէս, Էրտողան Պայրամովին նկատառման յանձնած է, որ պէտք է տեւականացուին՝ երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 15 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու ուղղեալ ջանքերը։ Ուժանիւթի եւ հաղորդակցութիւններու պարագային միասնաբար շարժիլն ու ամբողջական համագործակցութեան մէջ գտնուիլը նպաստաւոր է երկու երկիրներու շահերուն տեսակէտէ։ Նախագահին համոզմամբ, Անդրկասպեան եւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին պէտք է օգտագործել աւելի բարձր արդիւնաւէտութեամբ։ Էրտողանի ներկայութեամբ շօշափուած է Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Նախագահը յայտնած է, որ Զանգեզուրի միջանցքի փութով բացուիլը եւ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնութեան ժամ առաջ կեանքի կոչուիլը կարեւորութիւն կը ներկայացնեն բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ նշած է, որ Լաչինի միջանցքի պարագային Պաքուին հասցէագրուած մեղադրանքները անարդար են։ «Բժշկական տարանցում կ՚իրականացուի, մարդասիրական օժանդակութիւն կ՚իրականացուի, Լաչինի ճանբան Ատրպէյճանի տարածք է եւ Ատրպէյճան կրնայ այնտեղ որեւէ գործողութիւն կատարել», նշեց Ֆիտան։
Պայրամովն ալ յայտնած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումը անկյայտ է։ Ան յայտնեց, որ բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրումէն անմիջապէս վերջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտած էր Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի վրայ աշխատելու ուղղութեամբ։ «Սա յաղթական պետութեան եւ յաղթական առաջնորդի քայլն էր», նշեց Պայրամով։