ԹԵՀՐԱՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԿՈՉԵՐ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱՆԳԱՐԱՅԻՆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքտատը։ Բանակցութիւններէն վերջ Թեհրանէն ուշագրաւ պատգամներ հասցէագրուեցան Անգարային։ Այսպէս, երբ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի եւ անոր անմիջական մասնակիցներն են Ռուսաստանն ու Իրանը, ներկայիս տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած նոր հաւասարակշռութիւններով շահագրգիռ բոլոր կողմերը համապատասխանօրէն կ՚երանգաւորեն իրենց քաղաքականութիւնը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին արժեւորուեցան երկկողմանի համագործակցութեան գծով ստորագրուած փաստաթուղթերու իրագործման հարցերը։ Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ապտուլլահիան կոչ ուղղեց, որպէսզի Թուրքիա դուրս բերէ իր զօրքերը Սուրիոյ տարածքէն։ «Կ՚առաջարկուի, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը լքեն Սուրիոյ տարածքը ու վերադառնան իրենց սահմանամերձ շրջանները՝ ըստ ժամանակացոյցի։ Տրամաբանութիւնը այն է, որ Սուրիայէն թրքական զինեալ ուժերու դուրսբերման հետ նոյնաժամանակ ապահովուի սահմաններու ընդհանուր անվտանգութիւնը։ Իրանն ու Ռուսաստանը կը շարունակեն իրենց ջանքերը՝ որպէս միջնորդներ եւ կ՚երաշխաւորեն այս ուղղութեամբ։ Մենք կը կարծենք, թէ Սուրիոյ մէջ օտարերկրեայ պետութիւններու ուժերու ներկայութիւնը չի նպաստեր երկրէն ներս կայունութեան ու անվտանգութեան։ Մենք լաւ կը հասկնանք Թուրքիոյ մտահոգութիւնը Սուրիոյ հետ սահմաններու անվտանգութեան վերաբերեալ, սակայն կը կարծենք, թէ ռազմական ներկայութիւնը լուծում չէ», յայտարարեց Ապտուլլահիան։
Միւս կողմէ, Իրան երէկ ռազմական համագործակցութեան նոր ծրագիր մը ստորագրեց Սպիտակ Ռուսիոյ հետ, որ Ռուսաստանի անմիջական դաշնակիցն է։