ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԵՐԱՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ երէկ բացուեցաւ «Նոր նիւթ. Սերկէյ Ճաւատեանի հայկական վերացականութեան հաւաքածոն» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Հարկ է նշել, որ Էլմիրա եւ Սերկէյ Ճաւատեան ամոլը իր հաւաքածոյէն 42 ստեղծագործութիւններ նուիրած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, ինչ որ գեղարուեստասէր հասարակութեան հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ վերաբացայայտելու շրջադարձային, սակայն ցարդ անտեսուած ժառանգութիւն մը։ Ճաւատեանները արտասահմանէն կատարած են այդ նուիրատուութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն ստեղծագործութիւնները կը պատկանին «Բունկեր» խումբի վեց արուեստագէտ ընկերներուն՝ Գրիգոր Միքայէլեանի, Հենրիկ Խաչատրեան, Արմէն Հաճեանի, Մարթին Պետրոսեանի, Գրիգոր Կիւլէզեանի եւ Աշոտ Ղազարեանի։ Այս վերջինները 1980-ականներու վերջաւորութեան եւ 90-ականներու սկիզբին՝ Խորհրդային Միութեան աստիճանաբար փլուզման եւ Հայաստանի անկախացման փոթորկոտ շրջանին ստեղծագործած էին։ Անոնք առաջին հայ արուեստագէտներէն էին, որոնք յառաջ մղեցին վերացականութեան հաւատամքը եւ գեղագիտութիւնը՝ որպէս իրենց ստեղծագործութեան գերիշխող ձեւ։ Սերկէյ Ճաւատեանն ալ հաւաքածոյ մը կը ստեղծէր անոնց գործերով։

Այնուհետեւ 1990-ականներուն թէ՛ Ճաւատեան եւ թէ յիշեալ արուեստագէտները Հայաստանէն գաղթեցին։ Սոյն յառաջադէմ ժառագութիւնն ալ, ըստ էութեան, մոռացութեան մատնուեցաւ։

Ուստի, ներկայ փուլը կը համարուի պատմական։ Արդարեւ, առաջին անգամ երէկ բացուած ցուցահանդէսին մէջ մէկտեղուած այս ընտրանին կը նշանաւորէ ժամանակակից հայ արուեստի պատմութեան շրջադարձային պահերէն մին՝ ցոյց տալով գեղարուեստական նորարարութեան եւ մտաւորական հետազօտութեան այն ապշեցուցիչ ալիքը, որ 21-րդ դարասկիզբին հիմնովին պիտի ձեւափոխէր հայկական տեսողական մշակոյթը։

Ցուցահանէսը համադրած են՝ Վիգէն Գալստեան եւ Շողակաթ Ղազարեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2024