ՄԱՀ՝ ՎԱՀԱԳՆ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆԻ

Հայ ժո­ղո­վուր­դը ե­րէկ ու­նե­ցաւ մեծ կո­րուստ մը։ Այս­պէս, 83 տա­րե­կան հա­սա­կին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց մե­ծա­նուն բա­րե­րար, սփիւռ­քա­հայ գոր­ծիչ եւ ա­մե­րի­կա­հայ գոր­ծա­րար Վա­հագն Յով­նա­նեան։ Սա իս­կա­պէս մեծ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի կո­րուստ մըն է, ո­րով­հե­տեւ Վա­հագն Յով­նա­նեան հայ­կա­կան Սփիւռ­քի խորհր­դան­շա­կան ու տի­րա­կան դէմ­քե­րէն մին էր ու բե­րած էր վիթ­խա­րի նպաստ մը հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին։

Յով­նա­նեան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ցա­ւով փո­խան­ցե­ցին իր մա­հուան գոյ­ժը ու տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ա­ռայժմ չեն հրա­պար­կուիր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Միայն յայտ­նի է, որ գոր­ծա­րա­րը վեր­ջին շրջա­նին կը տա­ռա­պէր քաղց­կե­ղէ։

Յով­նա­նեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին որ­դի­սա­կա­նը սկսած էր Պաղ­տա­տէն։ Ե­րեք եղ­բայր ա­նոնք հաս­տա­տուած էին Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ուր գոր­ծա­րար կեան­քէ ներս ու­նե­ցած էին փայ­լուն նուա­ճում մը։ Այս ոս­տու­մին զու­գա­հեռ ա­նոնք միշտ բե­րած էին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն վերջ Վա­հագն Յով­նա­նեան հաս­տա­տուած էր հայ­րե­նիք, ուր գոր­ծա­րար բնա­գա­ւա­ռէ ներս ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էր մե­ծա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք։ Այն­տեղ նոյն­պէս շա­րու­նա­կած էր իր բա­րե­գոր­ծա­կան ծրագ­րե­րը, ո­րոնք նպա­տա­կաուղ­ղուած էին հայ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման ու պահ­պան­ման, նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման։ 1998 թուա­կա­նէն սկսեալ իր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մեր­ձա­կայ ա­րուար­ձան­նե­րէն մէ­կուն մէջ սկսած էր «Վա­հագ­նի» թա­ղա­մա­սին կա­ռու­ցու­մը։ Նոյն­պէս իր եւ իր ըն­տա­նի­քին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ կա­ռու­ցուած է Ս. Ան­նա ե­կե­ղե­ցին։

Յով­նա­նեան ըն­տա­նի­քը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ հան­դի­սա­ցած էր նաեւ մղիչ ու­ժը Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րին, որ մաս­նա­ճիւղ մըն ալ ու­նի Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015