ԱՄԲՈՂՋ ԱՐՑԱԽԸ ՊԱՏԱՆԴ
Ամբողջ Արցախը համայն աշխարհի աչքին առջեւ պատանդ առնուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Երկարատեւ պաշարման մթնոլորտին մէջ՝ սովամահութեան եզրին հասած ժողովուրդը մահ ու կենաց պայքար կը մղէ։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբէն սկսեալ, մինչեւ Արեւմուտքը՝ բոլորը անզօր են, անշուշտ, այլ խօսքով իրենց ճկոյթը չեն շարժեր խնայելու համար շարքային մարդիկ։ Միջազգային ամբողջ համակարգի առկայ փլուզման ծանրածանր դրսեւորումներէն մին կը բիւրեղանայ Արցախի մէջ, երբ աշխարհի յառաջատար դերակատարներու հակասական շահերուն, ազդեցութեան պայքարներուն միջեւ խուսանաւելով՝ Ատրպէյճան կը ջանայ պարտադրել իր կամքը։ Բնականաբար, այստեղ հիմնական խնդիրն է, որ Հայաստանն ալ անզօր է միջամտելու ու մնացեալ բոլորին նման ձեռնունայն կը հետեւի Արցախի հայութեան մահ ու կենաց պայքարին։
Պաշարեալ Արցախի հարցը՝ թէեւ ամիսներէ ի վեր չի լուծուիր, սակայն միշտ կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Ֆրանսայի կողմէ վերջին օրերուն առնուած քայլերուն զուգահեռ՝ երէկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը կրկնեցին իրենց կոչերը, որպէսզի վերաբացուի Լաչինի միջանցքը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ իր երկիրը խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղէ ներս մարդասիրական իրավիճակի վատթարացմամբ՝ պարէնի, դեղօրայքի եւ արժանապատիւ գոյութեան համար անհրաժեշտ այլ ապրանքներու մատակարարման շարունակական արգելափակման հետեւանքով։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին շարունակաբար աշխատած է կողմերուն հետ՝ մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարում ապահովելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար։ «Մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրային եւ ուղեւորներու փոխադրումներու համար։ Պաքուի պաշտօնատարները եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները պէտք է անյապաղ հանդիպին, որպէսզի պայմանաւորուին Լեռնային Ղարաբաղի կանանց, տղամարդոց եւ երեխաներուն կենսական նշանակութեամբ սննդամթերք հասցնելու եղանակներուն մասին՝ ներառեալ մատակարարման յաւելեալ երթուղիներով։ Եւ վերսկսին քննարկումները բոլոր չլուծուած հարցերուն շուրջ։ Մարդասիրական օժանդակութիւնը երբեք պէտք չէ դառնայ քաղաքական տարաձայնութիւններու պատանդ», նշեց Մեթիու Միլըր։
Ուաշինկթընէն հնչած այս յայտարարութիւնները հակազդեցութեան եւ բողոքի պատճառ դարձան Պաքուի մէջ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ արձագանգեց՝ անընդունելի որակելով ամերիկեան կողմին բանաձեւումները։ «Տարածաշրջանէն ներս շրջափակման մասին պնդումները անընդունելի են՝ հայ ազգի բնակիչներու կարիքները բաւարարելու ուղղեալ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած առաջարկներու ֆոնին վրայ», ըսաւ բանբերը։ Որպէս «կարիքի բաւարարման» օրինակ՝ ան նշեց Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի օգտագործման զուգահեռ՝ Լաչինի ճանապարհով երթեւեկութեան աշխուժացումը եւ «Լաչինի սահմանային անցակէտով տասնեակ հայ բնակիչներու երկու ուղղութեամբ երթեւեկութիւնը»։
Բաց աստի, այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ ԱՄՆ-ի քոնկրէսի Մարդու իրաւանց յանձնաժողովէն ներս լսումներ տեղի պիտի ունենան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Յառաջիկայ շաբաթ, սեպտեմբերի 6-ին, Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէն ներս ստեղծուած իրադրութիւնը քննարկման առարկայ պիտի դարձուի քոնկրէսականներու կողմէ։ Այս լսումներուն ընթացքին մասնագէտի հանգամանքով կարծիք պիտի ներկայացնէ Միջազգային քրէական ատեանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, որ օրերէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ՚ունենայ։ Նոյն լսումներուն ընթացքին Ատրպէյճանի կառավարութեան մտադրութեան վերաբերեալ փաստերուն շուրջ վկայութիւն պիտի տայ՝ Քոլումպիայի համալսարանի Մարդու իրաւանց ուսումնասիրման կաճառի Խաղաղութեան կառուցման եւ մարդու իրաւանց ծրագրի տնօրէն Տէյվիտ Ֆիլիփսը։ Կը նախատեսուի, որ լսումները հեռարձակուին յանձնաժողովի կայքէջէն։
Եւրոպական Միութիւնն ալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ Արցախի առկայ տագնապը։ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այս հարցը երէկ շօշափեցին՝ Սպանիոյ Թոլետօ քաղաքին մէջ կազմակերպուած իրենց հերթական հաւաքին ժամանակ։ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք ժողովէն առաջ ընդգծեց Լաչինի միջանցքի վերաբացման կարեւորութիւնը։ Ան տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը ներգրաւուած է նախարարներու ժողովի օրակարգին վրայ։ Իր խօսքով, ինք եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա օրակարգի վրայ ներառած են այս հարցը։ «Այնտեղ մարդոց վիճակը աղէտալի է», յայտնեց Պերպոք անպաշտօն ժողովէն առաջ։ Ան յիշեցուց, որ Արցախէ ներս ելեկտրամատակարարման խափանումներ տեղի կ՚ունենան ու շեշտեց Լաչինի միջանցքի բացման անհրաժեշտութիւնը՝ մարդոց բնականոն կեանքին համար։ «Այս իսկ պատճառով մենք վճռական կոչով կը դիմենք Ատրպէյճանին եւ Ռուսաստանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է ի վերջոյ ստանայ այն, ինչ հարկաւոր է կեանքի համար։ Լաչինի միջանցքը պէտք է ազատ ըլլայ մարդասիրական օգնութեան համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ վերջին օրերուն իրենք այս կապակցութեամբ կարծիքի փոխանակումներ ալ կ՚ունենան իրենց ամերիկացի գործընկերներուն հետ՝ երաշխաւորելու համար, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը վերջապէս ստանայ մարդասիրական օժանդակութիւն։
Թոլետոյի ժողովին նախորդած այս յայտարարութիւններէն վերջ, ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ «Կոչ կ՚ուղղենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Լաչինի միջանցքով ապահովել անվտանգ եւ ազատ տեղաշարժ», ըսաւ ան։
Պաքու կը ջանայ յարաբերակցութեան մէջ դնել Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի օգտագործումն ու Լաչինի միջանցքի վերաբացումը։ Ստեփանակերտ վճռակամօրէն կը մերժէ այս տարբերակը։ Յամենայնդէպս, Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները պաշտօնապէս հանդէս կու գան յամառ յայտարարութիւններով, ըստ որոնց Լաչինի միջանցքի վերաբացման պարագային այնտեղ պէտք է անպայման հաստատուի մաքսային վերահսկողութիւն։ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի պետ Հիքմէթ Հաճիեւն ալ անդրադարձաւ այս հարցին։ «Աղտամի ճանապարհէն հրաժարիլը կրնանք որակել միայն ցեղապաշտութիւն եւ խտրականութիւն», ըսաւ ան։ Նոյն կապակցութեամբ Հաճիեւ պնդեց, որ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը աւելի մեծ տարողունակութիւն ունի եւ աւելի արդիւնաւէտ է։ Իր խօսքով՝ այդ ճանապարհը կ՚անցնի աւելի հարթ տարածքներէ եւ թոյլ կու տայ Ատրպէյճանի հիմնական մասը Ստեփանակերտին եւ Ղարաբաղի այլ շրջաններուն հետ կապելու։ Այդ ճանապարհը կրնայ ապահովել շատ կարճ ժամանակի մէջ որեւէ ապրանք հասցնել Ստեփանակերտ։ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճան մտադիր է վերահամարկման գործընթացը սկսիլ ճանապարհներու բացմամբ։ Անդրադառնալով դէպի Արցախ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու ուղղեալ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ջանքերուն՝ Հաճիեւ ըսաւ. «Ատրպէյճան թոյլ չի տար իր տարածքէն ներս որեւէ գորշ գօտիի գոյութեան։ Հայաստան առանց Ատրպէյճանի համաձայնութեան դէպի Ատրպէյճանի սահմանը՝ Լաչինի անցակէտը կը բերէ զանազան բեռնատարներ։ Այս թատերական ողբերգութեան շրջանակներէն ներս Ատրպէյճանի սահման ժամանեցին նաեւ եւրոպացի կաշառեալ քաղաքական գործիչներ, որոնք կը գտնուին հայկական լոպիի ազդեցութեան տակ։ Նման քայլերը անիմաստ են։ Նման ցուցադրական քայլերու փոխարէն իսկական հարցերը պէտք է լուծուին տեղւոյն վրայ»։
Մինչ Ատրպէյճան կը ձգտի օղակը սեղմել Արցախի շուրջ, Ստեփանակերտի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններն ալ դարձած են թէժ օրակարգ։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, որ որոշած է լքել պաշտօնը, հրաժարելէ առաջ նշանակած է նոր պետական նախարար մը՝ Սամուէլ Շահրամանեան, որ կը յաջորդէ Գուրգէն Ներսիսեանին։ Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ երէկ հաղորդուեցաւ, որ Արցախի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին համար ալ նշանակուած է նոր հրամանատար մը. յանձինն՝ զօրավար Քիրիլ Քուլաքովի։
Միւս կողմէ, վաղը Երեւանի կեդրոնին մէջ կը նախատեսուի մեծ հանրահաւաք մը ի պաշտպանութիւն Արցախի։