ՍՈԹՔԻ ՎՐԱՅ ԽՏԱՑԵԱԼ ԿՐԱԿ

Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ ոտնձգութիւններ կատարել Հայաստանի սահմաններուն դէմ։ Այսպիսի յարձակումներուն միշտ կը նախորդեն Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ ապատեղեկատուութիւններ, որոնցմով կը պնդուի, թէ Հայաստանի բանակը կը խախտէ հրադադարը։ Երէկ ալ եղաւ այսպէս։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերական պնդումներով գետին պատրաստեց հերթական սադրանքին համար։ Այս առաւօտեան ժամերուն արդէն սահմանի Սոթքի հատուածին վրայ խտացեալ ձեւով կրակել սկսան Ատրպէյճանի զօրքերը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յարձակման ընթացքին կ՚օգտագործուին զանազան տրամաչափով հրաձգային զէնքեր եւ ականանետեր։

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ պնդեց, որ հայկական զօրքերու կրակոցներուն հետեւանքով երկրի բանակէն երեք զինուոր վիրաւորուած է։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ հաղորդեց, որ բախումներուն հետեւանքով հայկական կողմէն 2 զինուոր նահատակուած է, կայ նաեւ վիրաւոր մը։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ աւելի ուշ տեղեկացուցին, որ ժամը 11.20-ի դրութեամբ Սոթքի վրայ բացուած կրակին խտութիւնը նուազած է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2023