«ՆԵԹՖԼԻՔՍ»Ի ՀԵՏ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ ամերիկեան «Նեթֆլիքս» ընկերութեան միջեւ կնքուեցաւ յուշագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Նեթֆլիքս» կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ նկարահանել քանի մը ֆիլմաշար։

Հայաստանի Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին, 2025 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներու ընթացքին նախարար Ժաննա Անդրէասեան հանդէս եկաւ այս մասին բացատրութիւններով։ Իր խօսքով՝ շարժանկարի արդիւնաբերութիւնը արդէն ճիւղ մըն է, որ արագ կը զարգանայ եւ այդ իմաստով Հայաստանն ալ կնքուած յուշագիր մը ունի «Նեթֆլիքս»ի հետ։ «Անոնց կողմէ այստեղ քանի մը ֆիլմաշար նկարահանելու եւ նման տարբեր նախագծեր կան եւ այդ բոլորը ներդրումներու մասնակի վերադարձի պարագային աւելի մեծ թափ կը ստանան», ըսաւ Ժաննա Անդրէասեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2024