ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ԶՕՐԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՍԻՆ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկու երէկ Մոսկուայի մէջ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որով կը նախատեսուի հայ-ռուսական համատեղ զօրախումբի ստեղծումը։ Այս նիւթը միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է եւ ծրագրին նկատմամբ վերջերս իր հաւանութիւնը տուած էր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները այս համաձայնութիւնը կը քննադատեն՝ երկրի ինքնիշխանութեան շուքի տակ մնալուն առումով։
Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ռուսաստան։ Զանազան քաղաքներ այցելելէ վերջ ան մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն ժողովը։ Մոսկուայի մէջ Վիգէն Սարգսեան եւ Սէրկէյ Շոյկու երէկ ունեցան առանձին հանդիպում մը եւ այդ շրջագծով ալ ստորագրուեցաւ յիշեալ փաստաթուղթը։ Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս երկու երկիրները միաւորուած զօրախումբ մը պիտի ստեղծեն՝ համարժէք ձեւով հակազդելու համար յարձակումներուն, անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն դէմ։ Ըստ Վիգէն Սարգսեանի, զօրախումբը պիտի ներառնէ Հայաստանի տարածքէն ներս տեղակայուած ռուսական ռազմակայանը եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները։ Երկու նախարարները երէկ ստորագրեցին նաեւ կողմերու 2017 թուականի համագործակցութեան ծրագիրը։
Միւս կողմէ, Շոյկու երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ, որ մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի ժողովին։ Ռուս նախարարը յայտնեց, թէ պիտի ընդլայնուի կողմերու ռազմական համագործակցութիւնը։ Շոյկու Ատրպէյճանի դերը կարեւորեց նաեւ Կասպեան տարածքաշրջանի անվտանգութեան առումով։