ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Երէկ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը՝ ձօնուած արաբական երկիրներու հայ համայնքներու զարգացման առանձնայատկութիւններուն, առկայ հիմնախնդիրներուն եւ հեռանկարներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառի արաբական երկիրներու բաժնի վարիչ Լիլիթ Յարութիւնեան նշեց, որ տարածաշրջանէն ներս փոխակերպման միտումներ կը նկատուին եւ այս ամբողջին մէջ շատ կարեւոր է Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու վերաբերեալ իրողութիւններու ճիշդ գնահատումը, ինչպէս նաեւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան համապատասխան զանազան ուղղութիւններու մշակումը։ Զեկուցումներու ընդմէջէն ի յայտ եկաւ, որ Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները անմիջականօրէն անդրադարձած են հայ համայնքներու կենսակերպին վրայ։ Բաց աստի, մատնանշուեցան տարածաշրջանի երկիրներու հայկական համայնքներու ինքնութեան պահպանման խնդիրները։
Հարկ է նշել, որ այս գիտաժողովի ատենախօսներու շարքին էր Սուրբգրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան։ Բացի գիտաժողովի զեկուցումէն, ան Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռին տուաւ հարցազրոյց մըն ալ, որու ընթացքին մատնանշեց Հայաստան-Միջին Արեւելք կապին անհրաժեշտութիւնը։