ՅՈԲԵԼԵԱՆ ԵՒ ԱՐՁԱՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչ, բեմագիր Սերկէյ Փարաճանովի արձանը։ Այս տարի մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան 100-ամեակը կը նշուի եւ այս յոբելեանը կը նշանաւորուի մայրաքաղաքի մէջ անոր արձանի զետեղմամբ։ Երեւանի Շարժանկարի տան յարակից տարածքին մէջ կանգնեցուած է Սերկէյ Փարաճանովի արձանը, որու պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ հրապարակն ալ պիտի կրէ «Նռան գոյնը» անունը։ Արձանի հեղինակն է քանդակագործ Արա Ալեքեան։ Պաշտօնական բացման հաւաքոյթին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ այդ գործը կ՚արտայայտէ Սերկէյ Փարաճանովի էութիւնը։
Հայաստանի Շարժանկարի գործիչներու միութեան նախագահ, յայտնի բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին վերյիշեց հոգելոյս Զաւէն Սարգսեանը, որ երկար տարիներ Փարաճանովի տուն-թանգարանի տնօրէնը եղած էր։ Յարութիւն Խաչատրեան շեշտեց, որ Փարաճանովի արձանի կանգնեցման գաղափարն ալ յղացուած էր Զաւէն Սարգսեանի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, որ Փարաճանովի 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու կառավարական յանձնաժողովը կը գլխաւորէ, յիշեցուց, որ 2023-2024 տարիներուն կը վերյիշուին անմոռանալի շարք մը մեծերու յոբելեանները. օրինակ՝ Արամ Խաչատուրեան, Սերկէյ Փարաճանով, Շարլ Ազնաւուր եւ այլն։