«ՓՈՐԹԱԳԱԼԵԱՆ ԴԱՐ»
«Փորթագալ» գեղարուեստի տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խանդավառ հաւաքոյթ մը։ Իր գոյութեան 100-ամեակը բոլորած «Փորթագալ» հաստատութիւնը Թուրքիոյ մէջ ունի եզակի դիրք մը։ Փորթագալ ընտանիքի անդամները սերունդէ սերունդ յառաջ տարած են այդ աւանդը, իսկ այսօր հաստատութիւնը իր խոր աւանդութիւններով ու եզակի ժառանգութիւնով մեծ հռչակ եւ վարկ կը վայելէ, ինչպէս Թուրքիոյ մէջ, այնպէս ալ՝ միջազգային գետնի վրայ։
Հաստատութեան ներկայ սեփականատէրն է Րաֆֆի Փորթագալ, որ Թուրքիոյ մէջ իսկապէս հեղինակութիւն մը կը նկատուի աճուրդներու կազմակերպման ուղղութեամբ։ Ան իր հանգուցեալ հօր՝ Արէտ Փորթագալի կողմէ դրուած հիմքերուն վրայ զարգացուցած է աշխատանքը ու ներկայիս իր դստեր՝ Մայա Փորթագալի հետ կը գործակցի աճուրդներու կազմակերպման բնագաւառին մէջ։ Սերունդներու այս յաջորդականութեան ամբողջէն ներս Փորթագալ ընտանիքը ներկայիս կ՚ապրի նաեւ արտասովոր երջանկութիւն, որովհետեւ հազիւ թէ քանի մը շաբթուան ընթացքին Մայա Փորթագալ լոյս աշխարհ պիտի բերէ դուստր մը։
Թէ՛ «Փորթագալ» հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանը եւ թէ մօտալուտ ծննդաբերութիւնը արդէն բարձր տրամադրութիւնով համակած են Փորթագալ ընտանիքը։ Երէկ երեկոյեան, հաստատութեան Նշանթաշըի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին վերոյիշեալ հանգամանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին ներքեւ ներկաները ուրախակից եղան Փորթագալ ընտանիքին։
Խորքին մէջ այս հաւաքոյթը գրքի շնորհանդէս մըն էր։ Արդարեւ, «Տողան» հրատարակչութիւնը «Փորթագալ» հաստատութեան 100-ամեակին առթիւ լոյս ընծայած էր չորս գիրքեր՝ «Կարանթի» դրամատան աջակցութեամբ։ «Փորթագալեան դար» կոչուած այս հրատարակութիւններու շարքը կու գար նաեւ ցոլացնել հաստատութեան գործունէութեան զանազան երեսակները, նաեւ վերարժեւորել անոր բոլորած ուղին։
Յիշեալ գիրքերու առաջինը կը կոչուի «Օսման Համտի պէյ. տպաւորութիւններ», որ հրատարակութեան պատրաստուած է պատմաբան Էթհէմ Էլտէմի կողմէ։ Նկարիչ, հնագէտ եւ Իսթանպուլի Հնագիտութեան թանգարանի հիմնադիր Օսման Համտի պէյի ձեռագիր գծանկարներէն եւ օրագրութենէն բաղկացեալ երկու տետրակներու համադրութիւնն է այս գիրքը։ Այդ երկու տետրակներէն մին կը գտնուի Րաիֆա Աքարի, իսկ միւսը՝ Րաֆֆի Փորթագալի մօտ։ Էթհէմ Էլտէմ այդ երկուքը համատեղելով եւ անոնց տառադարձութիւններ ածանցելով ապահոված է արժէքաւոր գործի մը հրատարակուիլը։
Վոլարի «Պաստառի վաճառողի մը յուշերը» գիրքն ու Ս. Ն. Պեհըրմանի կողմէ հեղինակուած «Տիւվէն. հնավաճառներու ռահվիրան» գործը այս չորս գիրքերու միւս երկու հատորները կը հանդիսանան։
Չորրորդ գիրքի հեղինակն է յայտնի գրող Էնիս Պաթուր։ Այս գիրքը կը կոչուի «Րաֆֆի Փորթագալ. Փորթագալի դարը»։ Թէ՛ Րաֆֆի Փորթագալի հետ կատարուած երկարաշունչ հարցազրոյցի մը եւ թէ բազմաթիւ տուեալներու համատեղումով պատրաստուած գործ մըն է այս մէկը, որ կը ցոլացնէ Փորթագալ ընտանիքին անցեալն ու համանուն հաստատութեան պատմութիւնը։
Հարկ է նշել, որ «Փորթագալ» հաստատութեան 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու շրջանին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն մասնակցելու հրաւիրուած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրակազմէն պատմաբան Տքթ. Այլին Գօչունեան։ Այս վերջինը ծաւալուն հետազօտութիւն մը իրականացուցած էր այդ շրջանին եւ արդիւնքները յանձնած՝ «Փորթագալ» հաստատութեան։ Էնիս Պաթուրի հեղինակած այս գիրքին մէջ եւս լայնօրէն օգտագործուած են այդ տուեալները՝ հեղինակի եւ գործակիցներուն ենթակայական նախընտրութեամբ, քիչ մըն ալ ընտրովի կատարուած մէջբերումներով։
Ուրեմն այս չորս գիրքերը երէկ հանրութեան ծանօթացուեցան պաշտօնապէս։ Հաւաքոյթի ընթացքին Րաֆֆի Փորթագալ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը եւ արտայայտեց իր ուրախութիւնը՝ սոյն ձեռքբերումին կապակցութեամբ։ Էնիս Պաթուր եւ Էթհէմ Էլտէմ տեսագրութիւններու միջոցաւ փոխանցեցին իրենց պատգամը, որովհետեւ երկուքն ալ կը գտնուէին արտասահմանի մէջ։
Հաւաքոյթին հրաւիրուած էին զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Րաֆֆի եւ Զիւհալ Փորթագալ ամոլին կողմէ։