ԷՕՐՆԷՔԵԱՆ ՖԼՈՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻ

Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան վերջին օրերուն մեծ պատիւի մը արժանացաւ Իտալիոյ մէջ։ Այսպէս, ան հռչակուեցաւ Ֆլորանսա քաղաքի պատուոյ քաղաքացի։

«Ամերիքա» օդակայաններու քորփորասիոնի հիմնադիր Էտուարտօ Էօրնէքեանին ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին, Ֆլորանսայի քաղաքապետ Տարիօ Նարտելա անոր հանդիսաւորապէս յանձնեց քաղաքի խորհրդանշական բանալիները։ Իրեն այս կոչումը շնորհուեցաւ՝ համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ քաղաքացիական խիզախութեան արժէքներու յառաջ մղման ուղղութեամբ ունեցած նշանակալի աւանդին համար։ Հաւաքոյթի ընթացքին շեշտուեցաւ Էտուարտօ Էօրնէքեանի կողմէ Իտալիոյ եւ Արժանթինի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման բերուած նպաստը։ Այս ամբողջին մէջ առանձին տեղ ունի Ֆլորանսա քաղաքը։

Հաւաքոյթի ընթացքին Էտուարտօ Էօրնէքեան շեշտեց, որ քաղաքի բանալիները ստանալը իր համար մեծ իրադարձութիւն մը կը համարուի։

Հարկ է նշել, որ Էտուարտօ Էօրնէքեանի ընկերութիւնը կ՚իրականացնէ նաեւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի կառավարումը։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023