ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՂԷՏԻ ԳՕՏԻ
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժին եւ ծանր հետեւանքներուն պատճառած ցնցումը կը շարունակուի եւ, բնականաբար, թրքահայ համայնքն ալ անմասն չէ այդ մէկէն։ Երէկուան դրութեամբ յայտնի դարձաւ, որ թրքահայ համայնքէն արդէն 13 զոհ գացած է երկրաշարժին։
Երէկ երեկոյեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան մեկնեցաւ Մալաթիա։ Նկատի ունենալով, որ քաղաքի օդակայանը դարձած է անգործածելի՝ փոխանորդ տէր հայրը Իսթանպուլէն ուղեւորուեցաւ Էլազըղ, ուրկէ ալ ցամաքի ճանապարհով անցաւ Մալաթիա։ Այսօր, տեղւոյն հայկական գերեզմանատան մատրան մէջ տեղի կ՚ունենայ քաղաքէն ներս երկրաշարժի զոհ դարձած երեք հայերուն յուղարկաւորութիւնը։ Սամի եւ Այտա Թապաշ ամոլի եւ իրենց անչափահաս զաւկին վերջին հրաժեշտը կը կատարուի գերեզմանատան մէջ՝ ձեռամբ փոխանորդ տէր հօր։ Մինչ այդ, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան շաբաթավերջն ալ պիտի անցընէ աղէտի գօտիէն ներս։ Ան Մալաթիայէն պիտի անցնի Տիարպաքըր, ուր այս կիրակի պիտի գտնուի տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, որու երդիքին տակ այս պահուն կը պատսպարուին աղէտեալներ։
Ըստ Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ երէկ հաստատուած լուրերուն, երկրաշարժի հետեւանքով ցարդ հայ համայնքէն 13 հոգի զոհուած է։ Այսպէս, Իսքենտէրունի մէջ մեր համայնքի 4 անդամ, Անթաքիայի մէջ՝ 1, Մալաթիայի մէջ՝ 3, Ատըեամանի մէջ՝ 4 եւ Տիարպաքըրի մէջ՝ 1 հոգի զոհուած է երկրաշարժին հետեւանքով։
Այսպէսով, թրքահայ համայնքի այս 13 անդամները կու գան լրացնել՝ այս երկրաշարժին խլած մօտաւորապէս 20 հազար զոհերու շարքը, ինչ որ իսկապէս ողբերգութեան համազօր երեւոյթ մըն է։