ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ Կ՚ԱՀԱԳՆԱՆԱՆ, ՑՆՑՈՒՄԷՆ ՎԵՐՋ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՓՐԿԱՐԱՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՄԵԾ ԹԱՓՈՎ

Թուրքիան ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքով յառաջացած ողբերգութիւնը հետզհետէ կը բիւրեղանայ թէ՛ ամբողջ երկրին եւ թէ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ։ Զոհերու թիւը կը բարձրանայ ահագնացող չափով։ Դժբախտաբար, ըստ վերջին պաշտօնական տուեալներուն, 18 հազար 342 հոգի զոհ գացած է այս երկրաշարժին։ Այսինքն, 20 հազարի սահմանին կը մօտենայ զոհուածներու թիւը՝ մինչ 75 հազարի շուրջ ալ վիրաւոր կայ։

Թուրքիոյ հարաւի, արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի քաղաքները ցնցած այս սարսափելի երկրաշարժէն վերջ երկրին մէջ կը շարունակուի զօրակոչի մթնոլորտը։ Աշխարհի 70 երկիրներէն եւ Թուրքիոյ 81 քաղաքներէն փրկարարներ թափով աշխատանք կը տանին աղէտի գօտիէն ներս։ Փրկարարական աշխատանքներուն կը մասնակցին Թուրք զինեալ ուժերը։ Բանակի ռազմաօդանաւերը այս շրջանին կ՚օգտագործուին աղէտեալներուն օժանդակութիւն փութացնելու նպատակին։ Աղէտի գօտիի 10 քաղաքներուն մէջ հռչակուած է արտակարգ դրութիւն՝ մինչ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ դպրոցները արդէն փակ են եւ կրթութիւնը պիտի վերսկսի փետրուարի 20-ին։ Հասարակական կազմակերպութիւններէն սկսեալ, մինչեւ մասնաւոր ընկերութիւնները՝ ամբողջ երկիրը կը ջանայ այս արշաւին բերել իր զօրակցութիւնը։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը շարունակէ մնալ աղէտի գօտիին մէջ եւ կ՚այցելէ զանազան կեդրոններ։ Ան երէկ յայտնեց, որ երկրաշարժի պատահած պահէն սկսեալ պետութիւնը դաշտի վրայ գործի լծուած է իր բոլոր կառոյցներով։ Էրտողան շեշտեց, որ երկիրը շուտով վերականգնման հունի մէջ պիտի մտնէ։

Միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ ահաւոր երկրաշարժի արձագանգները կը շարունակուին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես երէկ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ պատահած այս երկրաշարժը մեր ժամանակներու ամենամեծ բնական աղէտներէն մին կը համարուի։ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներն ալ զօրակցութեան նամակ մը ուղարկեցին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին։ ԵՄ-ի երկիրներու ղեկավարները, որոնք Պրիւքսելի մէջ գագաթաժողով մը իրականացուցին, եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ ալ անդրադարձան Թուրքիոյ մէջ պատահած երկրաշարժին։

Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Համաշխարհային դրամատունն ալ տեղեկացուց, որ 1.78 միլիառ տոլար արժողութեամբ զօրակցութիւն մը ցուցաբերել որոշած է ի նպաստ Թուրքիոյ։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023