ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս կողմերու համագործակցութեան վերաբերեալ խնդիրներու։ Ատրպէյճանի մէջ նախօրէին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն վերջ սա երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ առաջին բարձր մակարդակի շփումը հանդիսացաւ։

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2024