ԱՐԴԵՕՔ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ՞ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՄԸ ՄՂԵԼ «ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»Ի ԴԷՄ
Անցեալ շաբաթ Լիբանանի քաղաքական թիւ մէկ օրակարգը Արաբական ծոցի համագործակցութեան երկիրներու կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնն էր, որով «Հիզպուլլահ» կը ճանչցուէր որպէս ահաբեկչական կազմակերութիւն, այդպէսով աննախընթաց լարուածութիւն ստեղծելով սիւննի աշխարհին եւ Լիբանանի միջեւ: Բոլորին համար բացայայտ է, որ Լիբանան քաղաքական խմորումներուն մէջ ըլլալով խոցելի երկիր մը, նիւթական կարեւոր ակնկալիքներ ունի սիւննի աշխարհէն: Լիբանանեան քաղաքական այն կողմերը, որոնք հանրութեան կը ներկայանան որպէս «Մայրիներու յեղափոխութեան» (Վարչապետ Րաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք սկիզբ առած շարժումը, որուն հետեւանքով Լիբանան տեղակայուած սուրիական ուժերը դուրս եկան երկրէն, այդ անունով ծանօթ է) կերտիչներ կը շտապէին դատապարտել «Հիզպուլլահ»ի պատասխանատուներուն Սէուտական Արաբիոյ ու մասնաւորապէս իշխող Ապտըլ Ազիզ ընտանիքին դէմ արձակուած քննադատութիւնները: Այդ քննադատութիւնները իրենց ծանրագոյն փուլը մտան Ռիատի ու անոր դաշնակից տէրութեանց տարի մը առաջ Եէմէնի մէջ շղթայազերծած «զսպումի փոթորիկ»ը կոչեցեալ զինուորական գործողութենէն անմիջապէս ետք: Ռիատ անհանգիստ ըլլալով Եէմէնի մէջ շիի հուսիներու շարժումներէն, հանգրուանները կ՚այրէր ու բաց պատերազմի մը կը մտնէր: Տեղի ունեցած գործողութիւններուն ընթացքին քաղաքացիական ծանր կորուստներ գրանցուեցան ու ցայսօր ալ հուսի զինեալները, որոնք ապաստանած են երկրի լեռնային անառիկ բնակավայրերուն մէջ, մնացին անդրդուելի: Աւելի՛ն, անոնք ապաւինելով ռուսական արդիական զէնքերուն, կրցան ծանր հարուած տալ ո՛չ միայն Նախագահ Ապտըլ Հատի Ալ Մանսուրի ուժերուն, այլ նաեւ հարուածել Եէմէնի տարբեր շրջանները հասած արաբական դաշինքի ուժերը: Այս զարգացումներուն ֆոնին վրայ էր նաեւ, որ «Հիզպուլլահ»ի առաջին քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա յականէ անուանէ կը քննադատէր Ռիատն ու անոր իշխանաւորները: Եղած քննադատութիւնները աննախադէպ էին իրենց բուռն ոճով: Շիի աշխարհի համար մահուկենաց խնդիր էր Եէմէնի մէջ սկիզբ առած պատերազմը: Թեհրան իր բոլոր գործիքները օգտագործելով կը փորձէր դէմ դնել Եէմէնի մէջ իր դիրքերու տկարացման համար սկիզբ առած պատերազմին: Իրօք տեղի ունեցածը ոչ թէ միայն հուսիներու դիրքերը տկարացնելու համար կռիւ մըն էր, այլ Ռիատ կ՚ուզէր անմիջական պատգամներ յղել Թեհրանին:
Եէմէնի պատերազմին մասին երկար մեկնաբանութիւն մը կատարելը օգտակար է հասկնալու համար, թէ Ռիատի կողմէ այս օրերուն «Հիզպուլլահ»ին դէմ եղած արշաւը հիմնուած է ո՛չ միայն Հասան Նասրալլայի կողմէ արձակուած քննադատութիւններուն վրայ, այլ անոր համար, որ «Հիզպուլլահ» տարբեր բնոյթի ուղղակի միջամտութիւններով կը մասնակցի թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Իրաքի ու Եէմէնի պատերազմներուն:
Ռիատ այսօր ոչ-նախանձելի իրավիճակի մը մէջ է: Սուրիոյ մէջ անոր ներկայացուցած առաջարկները կը զարնուին Մոսկուայի պատերուն ու բացի անկէ եւրոպական ընտանիքը առաջուան նման թութակի նման չի կրկներ Ռիատի կողմէ Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռացման անտեղիտալիութեան մասին հնչեցուած խօսքերը: Սուրիական գետնի վրայ ամէն անցնող օրուան հետ Ռիատ աւելիով պիտի խրուի աւազին մէջ: Այնքան ատեն, որ թագաւորութեան պատասխանատուներ չեն կրնար իրողապէս վերլուծել Ուաշինկթըն-Մոսկուա համաձայնութիւններու հիմքով ընթացող գործընթացները, սիւննի աշխարհի տէրերը կրնան տուժել բոլոր գետիններու վրայ:
Կիրակի, Մարտի 6-ի երեկոյեան իր արտասանած խօսքով «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդը կը յայտարարէր, որ Ռիատի կողմէ «ֆորս մաժէօր»ային հանգամանք ունեցող բոլոր մօտեցումները արդիւնք են պարտուածութեան զգացումներու: Լիբանանեան շիի համայնքի թիւ մէկ առաջնորդը, որ այսօր դարձած է Միջին Արեւելքի կարեւոր խաղացողներէն մին, կը հաւատայ, որ Եէմէնի ու Սուրիոյ մէջ իր կուսակցութեան («Հիզպուլլահ») ըրած զինուորական միջամտութիւնները կը բխին Լիբանանի ընդհանուր շահերէն: Ճիշդ է նաեւ, որ Լիբանանի քաղաքական գետինը կիսուած է այս կեցուածքներուն շուրջ: Ու Լիբանանի քաղաքական ընտանիքին գրեթէ կէսը «Հիզպուլլահ»էն կը պահանջէ արագօրէն դուրս գալ սուրիական ճահիճներէն:
Պէտք է խոստովանիլ, որ հակառակ Սուրիոյ մէջ սաստկացած պատերազմին, Լիբանան տարբեր հանգամանքներու բերումով հեռու մնաց պատերազմական նոր դաշտի մը վերածուելու վտանգներէն: Ապահովութեան պահպանման համար կարեւոր ճիգեր իրականացուցին Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն, բայց եւ այնպէս Սէուտական աշխարհին կողմէ «Հիզպուլլահ»ի դէմ եղած գրոհը եւ ներկայ հանգրուանին տնտեսական եւ դիւանագիտական «պատերազմ»ով բացուած այս հանգրուանը կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ Լիբանանի վրայ: Օրեր առաջ «Հիզպուլլահ»ի մօտիկ համարուող կայանը լուր մը կը սփռէր այն մասին, թէ լիբանանցի պատասխանատուներու Ուաշինկթըն տուած վերջին այցելութեան ընթացքին անոնք մէկէ աւելի ամերիկացի պատասխանատուներէ զգուշացումներ լսած են, կապուած Իսրայէլի կողմէ Լիբանանին ու «Հիզպուլլահ»ին դէմ ըլլալիք հաւանական պատերազմէ մը: Ճիշդ է, որ նման լուր մը նորութիւն չէր լիբանանցիներուն համար, բայց եւ այնպէս լուրին թայմինկը եւ ամիսներ առաջ (միշտ ըստ նոյն կայանին) Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան գործիչներու Պէյրութի հարաւային արուարձան («Հիզպուլլահ»ի գլխաւոր կեդրոնատեղի, որ յայտնի է Տահիյէ անունով) տուած այցը եւ «Հիզպուլլահ»ի պատասխանատուներուն հետ անոնց ունեցած հանդիպումները եւ զգուշացումները ցոյց կու տան, որ Իսրայէլի հետ լիբանանեան ճակատը կրնայ որեւէ պահու բռնկիլ: Բնական է նաեւ, որ Իսրայէլ, որ մտահոգ է «Հիզպուլլահ»ի Սուրիոյ պատերազմին ունեցած մասնակցութենէն, ուրախութեամբ կ՚ընդունէր սիւննի աշխարհին կողմէ նոյն կուսակցութեան դէմ հնչած քննադատութիւններուն եւ որպէս «ահաբեկիչ» որակումներուն: Ուրեմն շրջանին մէջ նոր ձեւաւորուող գործընթացները կրնան որեւէ ատեն յօդս ցնդիլ, եթէ Իսրայէլ պատերազմի մը սկսի վերջնականապէս մաքրելու համար «Հիզպուլլահ»ի հետ իր հին հաշիւը: Իսրայէլացի մէկէ աւելի զինուորական պատասխանատուներ կը խօսին ծանր եւ անակնկալներով լեցուն պատերազմի մը մասին, որ իր հետաւանքներով պիտի ըլլայ աննախընթաց: Անոնք այսքանը կը խոստանան ու կը մոռնան 2006 թուականի պատերազմին դասերը: Իրենց կարգին «Հիզպուլլահ»ի պատասխանատուներ, որոնց համար ներկայ հանգրուանը եւ քաղաքական ու ռազմական առումներով նուրբ փուլերու մէջ են, երբեք պիտի չհրաժարին խմել իրենց երկարած պատերազմի լեղի բաժակէն:
Տակաւին չեմ խօսիր Լիբանան հաստատուած շուրջ 2 միլիոն գաղթականներուն մասին, որոնց մեծամասնութիւնը սիւննիներ են եւ կը լրացնեն լարուած ուժանակի բոլոր տուեալները:
Իսրայէլացի յայտնի զինուորական վերլուծաբան Ամուս Հաարէլ «Հաարէթց» պարբերականին մէջ իր ստորագրած յօդուածով դիտել կու տայ, թէ այսօր Իսրայէլի համար թիւ մէկ պատուհասը «Հիզպուլլահ»ն է: Հաարէլ նաեւ կը գրէ, որ «Հիզպուլլահ» հակառակ անոր, որ սուրիական պատերազմին մասնակցելով ծանր հարուածներ կրած է, բայց եւ այնպէս տակաւին կը պահէ իր մարտունակութիւնը: Եւրոպական աղբիւրներ կը խօսին, թէ «Հիզպուլլահ» Սուրիոյ մէջ տուած է 1300 զոհեր եւ շուրջ 5 հազար վիրաւորեալներ, սակայն խմբաւորումը ունի 41 հազար զինեալներ, որոնց 21 հազարը «օրինական» զինուորներ են: «Հիզպուլլահ»ի ամենէն կարեւոր զինուորական գրաւը, անոր ունեցած հրթիռային համակարգն է, որուն միջոցաւ կազմակերպութիւնը 2006 թուականի պատերազմի ընթացքին ահ ու սարսափի մատնեց Լիբանանի մերձ իսրայէլեան հիւսիսային հատուածները: կը խօսուի, որ իր հազարանոց հրթիռային «շտեմարան»էն զատ կուսակցութիւնը յաջողած է մի քանի առիթներով ռուսական արդիական հրթիռներ Սուրիայէն Լիբանան փոխադրել: Այս երեւոյթին դիմաց անհանգիստ Իսրայէլ փորձեց քանի մը օդային գրոհներ կատարելով կասեցնել զէնքերու փոխադրութիւնը, բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ ռուս մասնագէտներ կը խօսին, որ «Հիզպուլլահ» յաջողած է իր տրամադրութեան տակ ունենալ «SI 22» տիպի հրթիռներ, որոնք ուժ ունին զինուորական որեւէ ընդհարումի պարագային հաւասարակշռութիւններու նոր ընթացք մը մէջտեղ բերել:
Այս մթնոլորտին մէջ է, որ այսօր կը բարձրաձայնուի, թէ արդեօք Իսրայէլ նոր պատերազմի մը պիտի սկսի՞ Լիբանանի դէմ: Հարցումը կը լսուի տարբեր կողմերէ, հակառակ անոր, որ բոլոր խաղացողները լաւ գիտեն, թէ որեւէ պատերազմ պիտի չլուծէ «Հիզպուլլահ»-Իսրայէլ հակամարտութիւնը, այլ աւելիով պիտի բարդացնէ առանց այդ մէկուն ալ արեան մէջ լողացող Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան