ԲՈՒՌՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրով՝ այս առթիւ Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ պաշտօնական այցելութեամբ փութաց Թուրքիա։ Ծանօթ է, որ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Ուքրայնա ներկայիս լուրջ լարուածութիւններ կ՚ապրին Ռուսաստանի հետ։ Այս հանգամանքը, անխուսափելիօրէն, բնորոշեց այս ժողովին եւ այցելութեան մթնոլորտը։
Էրտողան Պէշթէփէի նախագահական պալատին մէջ բարձր արարողակարգով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւնը եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Անգարայէն երէկ հնչեցին Մոսկուային ուղղեալ խիստ ազդարարութիւններ։ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա չէ ճանչցած Խրիմի ապօրինի բռնակցումը ու պիտի չճանչնայ։ «Ռուսաստան կ՚ըսէ, թէ Սուրիա մուտք գործած է այդ երկրի ղեկավարութեան հրաւէրով։ Արդեօք Ուքրայնա որո՞ւ հրաւէրով մտաք», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Խրիմի բռնակցումը չի տեղաւորուիր միջազգային իրաւունքի սահմաններուն մէջ։ «Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. զօրաւոր եմ՝ ուրեմն արդար եմ», աւելցուց Էրտողան ու շեշտեց, որ այս պարագային արդարութիւն գոյութիւն չունի։ Ըստ իրեն, Թուրքիա պիտի շարունակէ պաշտպանել Ուքրայնոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Խրիմը։ Ան կարեւորեց նաեւ ընդհանրապէս Սեւ ծովեան աւազանի անվտանգութիւնը։ Էրտողանի խօսքերով, Անգարա-Քիեւ յարաբերութիւններու կարեւորագոյն տարրերէն մին է՝ Խրիմի թաթարներուն կացութիւնը։
Իր կարգին Փեթրօ Փորոշենքօ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ եւ Ուքրայնոյ միասնաբար ձեռնամուխ եղած ծրագիրները կը համարուին փոխադարձ վստահութեան խորհրդանշանը։ Ան համոզուած է, որ Ռուսաստանի վարկածները չեն կրնար ապահովել խաղաղութիւն, հետեւաբար ճնշումները պէտք է սաստկացնել անոր վրայ։
Ըստ Փորոշենքոյի, սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած նախագահական լիազօրութիւնները օգտագործելով՝ պատրաստ է Մոսկուայի հետ փոխանակման շուրջ համաձայնութեան մը հասնիլ ուքրանացի երեսփոխան եւ օդաչու Նատէյտա Սաւչենքոյի պարագային։ Ան ներկայիս հացադուլի մէջ կը գտնուի ռուսական բանտէն ներս։ Հիւր ղեկավարը տեղեկացուց, որ իր հրահանգով՝ Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաւէլ Քլիմքին այս հարցին շուրջ շփման մէջ կը գտնուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։