ԿԱՅՈՒՆԱՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րուը­նէ սկսեալ եր­կի­րը կ՚ակն­կա­լէ կա­յուն տնտե­սա­կան աճ։ Վար­չա­պետ Կա­րա­պե­տեան մաս­նա­ւոր հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Ռէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան։ Այս առ­թիւ ան յայտ­նեց, որ մին­չեւ 2018 թուա­կա­նը հի­ւանդ տնտե­սու­թիւ­նը կա­յուն հիմ­քե­րու վրայ վե­րա­դարձ­նե­լու հա­մար Հա­յաս­տան պատ­րաստ է առ­նե­լու այն­պի­սի քայ­լեր, ո­րոնք ժո­ղովրդա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ կրնան հա­մա­րուիլ ան­յա­րիր։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան թուար­կեց պե­տա­կան ծախ­սե­րու կրճա­տու­մը եւ մաս­նա­ւոր ներդ­րում­նե­րու խո­չըն­դոտ­նե­րու վե­րա­ցու­մը։

Մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը նշած է, որ Հա­յաս­տան մե­ծա­պէս կա­խեալ է Ռու­սաս­տա­նի օգ­նու­թե­նէն ու ներդ­րում­նե­րէն, իսկ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն իր վրայ զգա­ցած է այդ երկ­րի տնտե­սա­կան անկ­ման հե­տե­ւանք­նե­րը։ 2015 թուա­կա­նին Հա­յաս­տան ար­ձա­նագ­րած էր 3 տո­կոս տնտե­սա­կան աճ, իսկ ան­ցեալ տա­րի այդ ցու­ցա­նի­շը նուա­զե­ցաւ մին­չեւ 0.2 տո­կոս։ Այդ ցու­ցա­նի­շը ան­ցեալ տա­րի ե­ղած է կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած 2.2 տո­կո­սէն ա­ւե­լի ցած։ Վարչա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի խօս­քե­րով, այդ թի­րա­խա­յին ցու­ցա­նի­շը պի­տի գե­րա­զան­ցուի ոչ ուշ, քան այս տա­րի։

«Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին կա­նո­նա­ւոր կա­ռու­ցուած­քա­յին բա­րե­փո­խում­ներ, նոյ­նիսկ ե­թէ այդ բա­րե­փո­խում­նե­րը չվա­յե­լեն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն», ը­սաւ վար­չա­պե­տը եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս տա­րի պի­տի կրճա­տուին վար­չա­կան ծախ­սե­րը։ Այս եւ նման նա­խա­տե­սուած քայ­լե­րը անհ­րա­ժեշտ են։ Ա­նոնք թէեւ կրնան բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ, սա­կայն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը փա­փա­քի այդ բո­լո­րը հա­տու­ցել մաս­նա­ւոր ներդ­րում­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ «Կը կար­ծեմ՝ մենք պի­տի կա­րե­նանք դի­մա­կա­յել եւ հաս­նիլ այս տա­րուան հա­մար 3.2 տո­կոս տըն-տե­սա­կան ա­ճի», յայտ­նեց Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան եւ ա­ւել­ցուց, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի կեդ­րո­նա­նայ նաեւ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քա­րի վրայ ու պի­տի ջա­նայ վե­րաց­նել այն բո­լոր խո­չըն­դոտ­նե­րը, ո­րոնք կ՚ար­գի­լեն գոր­ծա­րա­րու­թեան զար­գա­ցում։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017