ՎԱՌ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան եւ իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը դէ­պի Հա­յաս­տան։ Ա­նոնք Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ ան­ցու­ցին հե­տաքրք­րա­կան օր մը։ Ի­րենց ծրա­գի­րը կ՚ըն­թա­նայ հան­րա­յին կար­ծի­քի եւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրքրու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Քիմ Քար­տա­շեան եւ իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ կը դառ­նան փո­ղոց­նե­րուն մէջ։ Ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւա­նի Յաղ­թա­նա­կի զբօ­սայ­գին, Մա­տե­նա­դա­րա­նը, Կաս­կա­տը եւ Գե­ղար­դի վան­քը։

Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ալ անն­կատ չթո­ղուց ա­մե­րի­կա­հայ հե­ռուս­տաաստ­ղին Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Այս շրջագ­ծով Քիմ Քար­տա­շեան եւ իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ։

Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­նե­լէ խու­սա­փե­լով հան­դերձ, Քիմ Քար­տա­շեան ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցաւ շատ խան­դա­վառ ու դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան մա­սին։ Քիմ Քար­տա­շեան յայտ­նած է նաեւ, թէ ե­թէ հայ­րը ապ­րէր, ա­պա իր­մով հպարտ պի­տի զգար՝ Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան բե­րու­մով։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին մե­տիան ալ մօ­տիկ ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին այս այ­ցե­լու­թեան, ո­րուն շրջագ­ծով Քիմ Քար­տա­շեան պի­տի այ­ցե­լէ նաեւ Կիւմ­րի։

Մինչ այդ, Քիմ Քար­տա­շեա­նի այ­ցե­լու­թեան մա­սին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին նաեւ թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015