ՓՐՈՖ. ԱՐՈՒՍ ԵՈՒՄՈՒԼԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՍՈՒԼԻՍ
Յայտնի ընկերաբան, «Պիլկի» համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Արուս Եումուլ երէկ մասնակցեցաւ «Մարքսիզմ 2015» խորագրեալ քննարկումներու ծիրէն ներս կազմակերպուած ասուլիսի մը։ Այս քննարկումներու շարքին նախաձեռնած է Ընկերվարական յեղափոխական բանուորական կուսակցութիւնը։ Հաշուի առնելով 2015-ին զուգադիպած տարելիցը՝ կազմակերպիչները սոյն քննարկումներու ծիրին մէջ ընդգրկած են նաեւ հայկական հարցին վերաբերեալ ասուլիսներ։
«Թաքսիմ Հիլլ» պանդոկին մէջ երէկ տեղի ունեցած ասուլիսը խորագրուած էր՝ «Ցեղասպանութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը»։ Նիստավարն էր նախաձեռնարկ կուսակցութենէն Էօզտէն Սէօնմէզ։ Արուս Եումուլի առընթեր միւս ատենախօսներն էին նախաձեռնարկ կուսակցութեան վարչայիններէն Աթիլլա Տիրիմ եւ հետազօտող-գրող Իւմիտ Քուրտ։
Հաւաքոյթի ընթացքին Արուս Եումուլ մասնաւորապէս կանգ առաւ անցեալ դարասկիզբին եւ նախորդ դարավերջին ապրուած ողբերգութիւններուն բռնութիւններուն ժամանակ Պատրիարքարանի կողմէ կատարուած նախաձեռնութիւններուն վրայ։ Ան յատկապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ յաչս պետութեան Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած դիմումները, հնչեցուած ահազանգը, միշտ կ՚ենթարկուէին անտարբերութեան։