ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը արդէն յեղաշրջած է Հայաստանի ներքին կեանքը։ Ատրպէյճանի հետ սահմանակից Կիրանց գիւղէն՝ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ սկսած բողոքի երթը երէկ հասաւ մայրաքաղաք Երեւան։ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ մեծ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներու մասնակցութեամբ։ «Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած» կարգախօսով հանրահաւաքի հիմնական ատենախօսն էր Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան, որ պահանջեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Ցուցարարներու պաստառներուն վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէին հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Եռագոյնը պիտի յաղթէ սեւ-սպիտակին», «Սա Սրբազանի պայքարը չէ, այլ սրբազան պայքար է», «Եկեղեցին մենք ենք», «Յոյս, հաւատք, յաղթանակ» եւ այլն։
Այս առաւօտեան դրութեամբ արդէն քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցեր տեղի կ՚ունենան Երեւանէն ներս։ Այդ քայլերու մթնոլորտին մէջ կը հասուննան նաեւ ներքին քաղաքական նոր որոնումները։ Շրջանառութեան մէջ մնացած են նաեւ նոր վարչապետի հաւանական թեկնածուներու անուններ։
Ընդհանուր առմամբ, 44-օրեայ պատերազմի ծանր պարտութիւնով յառաջացած պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի պառարկտեալ ու բեւեռացեալ հասարակութեան վերամիաւորման ճանապարհին կարեւոր անկիւնաքար մը կը համարուին այս իրադարձութիւնները, որոնց շարունակութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։