«ԼԸ ՄՈՆՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ ԴՐՈՒԱՏԻՔԸ ՀԻՒՍԵՑ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ

Ֆրան­սա­յի «Լը Մոնտ» յայտ­նի օ­րա­թեր­թը վեր­ջերս դրուա­տա­լից յօ­դուած մը լոյս ըն­ծա­յած է Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կին։ Հինգ է­ջե­րու վրայ տա­րա­ծուած այս ծա­ւա­լուն յօ­դուա­ծը ման­րա­մաս­նօ­րէն ծա­նօ­թա­ցու­ցած է «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը, նաեւ ա­նոր բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դի­րը՝ ազ­գա­յին մե­ծա­նուն բա­րե­րար Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նը։

«Սեւ ոս­կիէն՝ ա­րուեստ» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծին մէջ մատ­նան­շուած է, որ Լիզ­պո­նի մէջ այս հիմ­նար­կը անշր­ջան­ցե­լի է։ Ա­նոր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ շատ ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծե­րու հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոյ մը, որ գո­յա­ցած է իր ժա­մա­նա­կի քա­րիւ­ղի հսկա­նե­րէն Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի ջան­քե­րով։ Թեր­թը շեշ­տած է նաեւ, թէ հիմ­նար­կը յիս­նա­մեայ ներ­կա­յու­թիւն մը ու­նի Փա­րի­զի մէջ։

«Պա­րոն հինգ տո­կոս» ա­նու­նով համ­բաւ ձեռք բե­րած հռչա­կա­ւոր հա­յուն՝ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան զու­գա­հեռ ֆրան­սա­կան թեր­թը ներ­կա­յա­ցու­ցած է հա­մա­նուն հիմ­նար­կի լայ­նա­ծիր նա­խագ­ծե­րը՝ բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թեան ե­րե­սակ­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս մատ­նան­շուած են այն բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը, մշա­կու­թա­յին ու գե­ղա­րուես­տա­կան հան­դի­պում­նե­րը, ո­րոնք յիս­նա­մեա­կի առ­թիւ սկսան ան­ցեալ ա­միս ու պի­տի շա­րու­-նա­կուին մին­չեւ 2016-ի տա­րե­վեր­ջը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015