ԱՐՓԻ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ՝ ԱՀՀ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ

Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րը (ԱՀՀ) Հա­յաս­տա­նի իր տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին նո­րաս­տեղծ մաս­նա­ճիւ­ղին հա­մար տնօ­րէ­նու­հի նշա­նա­կած է Ար­փի Վար­դա­նեա­նը։ ԱՀՀ-ի աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րով, 1994 թուա­կա­նէն ի վեր Ար­փի Վան­դա­նեան ե­ղած է այս կա­ռոյ­ցի գոր­ծու­նէու­թեան ա­ջա­կի­ցը։ Ան աշ­խա­տակ­ցած է ԱՀՀ-ի թէ՛ Ե­րե­ւա­նի եւ թէ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն մօտ՝ զբա­ղեց­նե­լով զա­նա­զան պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ։

Հա­յաս­տա­նի տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին գրա­սե­նեա­կը սեր­տօ­րէն պի­տի աշ­խա­տի Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ Հա­մա­գու­մա­րի կեդ­րո­նա­կա­յա­նի եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի, Գա­լի­ֆորնիոյ եւ Պոս­թը­նի մէջ տե­ղա­կա­յուած հա­մա­գու­մա­րի միւս գրա­սե­նեակ­նե­րուն հետ:

Հա­մա­գու­մա­րը կը վե­րա­կա­ռու­ցէ իր` հա­յե­րու ձայ­նը, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէտ բարձ­րա­ձայ­նե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը:

Նշենք, որ Ար­փի Վար­դա­նեա­ն կը յա­ջոր­դէ Ար­մի­նա Դար­բի­նեա­նին, որ աշ­խա­տած է իբ­րեւ Հա­մա­գու­մա­րի ե­րե­ւա­նեան գրա­սե­նեա­կի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին տնօ­րէն 2010-էն մինչ այս տա­րուան Ապ­րի­լը: Վար­դա­նեան 1993-էն ի վեր կ՝ապ­րի Հա­յաս­տան եւ իր մեծ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը բե­րէ իր հետ, քա­նի որ բա­ցի Հա­մա­գու­մա­րին հետ աշ­խա­տե­լէ, ան աշ­խա­տած է Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայ­կա­կան յու­շար­ձան­նե­րու ճա­նաչ­ման ծրա­գրի (AMAP), Մարդ­կա­յին զար­գա­ցում ՀԿ­-ի հետ:

Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Էն­թը­նի Պար­սա­մեա­ն եւ Վան Գրի­գո­րեա­ն ն­շած են, թէ՝ «Ար­փի Վարդանեանի տա­ղան­դը եւ ձեռք բե­րած փոր­ձը Ո­ւա­շինկ­թը­նի, Հա­յաս­տա­նի, եւ տա­րա­ծքաշր­ջա­նի մէջ անգնա­հա­տե­լի է, քա­նի որ մենք կ՚ակն­կա­լենք Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ-Հա­յաս­տան, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ-Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ ամ­րապն­դու­մը: Ա­նոր աշ­խա­տան­քին փոր­ձը Հա­մա­գու­մա­րի հետ օ­րի­նա­կե­լի է եւ ակ­նե­րե­ւ»։

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015