ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ
Ֆրանսահայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութեան կողմէ վերջերս կազմակերպուեցաւ գիտաժողով մը՝ «20-րդ դարու ցեղասպանութիւնները իրենց դատաւորներուն դէմ յանդիման» խորագրով, որ կը վայելէր Փարիզի Փաստաբաններու կաճառին նեցուկը։ Փարիզի Փաստաբաններու տան լսարանին մէջ կայացած գիտաժողովը քով քովի բերաւ ցեղասպանութեան մասնագէտ պատմաբանները, փաստաբաններն ու իրաւաբանները, որոնք 20-րդ դարու ընթացքին մարդկութեան դէմ գործուած զանազան ոճիրներու վերաբերող դատավարութիւններու լոյսին տակ նշեցին այն դժուարութիւնները, որոնց կը բախի այդ ոճիրներու հեղինակները դատելու գործը, ինչպէս նաեւ զոհերուն վերակերտումի կարելիութիւն ընձեռելու տեսանկիւնէն՝ դատական պատիժ սահմանելու ստիպողական անհրաժեշտութիւնը։
«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ գիտաժողովը յատկապէս կը վերաբերէր դատական համակարգին։ Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին, գիտաժողովը կու գար լրացնելու իրաւաբանական բաց մը, որ անշրջանցելի պատուար մը կը հանդիսանայ ճանաչման եւ Թուրքիոյ կողմէ ժխտողականութեան դատապարտման առջեւ. այդ բացը՝ դատական միջազգային բարձրագոյն ատեանի մը կողմէ ցեղասպանութիւնը դատապարտող դատավճռի մը բացակայութիւնն է։
Գիտաժողովի միջոցով Ֆրանսահայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութիւնը կու գար Ֆրանսայի եւ միջազգային քաղաքական դասուն եւ հասարակական կարծիքին յայտնելու, որ հակառակ ընկալեալ կարծիքին, 1919-ին՝ պատերազմի աւարտին, դաշնակից ուժերու ճնշումին տակ օսմանեան դատարաններու կողմէ իսկ դատավճիռներ արձակուած են Մեծ եղեռնի գլխաւոր ծրագրողներուն դէմ։ Հետեւաբար, միջազգային դատական համակարգը այս տուեալը պէտք է նկատի առնէ պատմական ճշմարտութիւնը հաստատելու համար։
Այս նիւթին քննարկումը վստահուած էր պատմաբան Թանէր Աքչամի, որ Վահագն Տատրեանի գործակցութեամբ հրատարակած է «Պոլսոյ դատավարութիւնը» հատորը, որուն ֆրանսերէնի թարգմանութեան իր մասնակցութիւնը բերած է Ֆրանսահայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու միութիւնը։