ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՐԿԻԶՄԱՆ ՓՈՐՁ
Գատըգիւղ, Պահարիէ պողոտային վրայ գտնուող յոյն ուղղափառ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վրայ երէկ իրիկուն կատարուեցաւ յարձակում մը։ «Մեսճիտի Աքսայի վրէժը պիտի լուծուի» աղաղակող անձ մը փորձեց հրկիզել եկեղեցւոյ դուռը։ Յարձակման հետեւանքով յառաջացած հրդեհը անմիջապէս մարուեցաւ, առանց ընդարձակուելու, սակայն վնասուեցաւ եկեղեցւոյ դուռը։ Յարձակում գործած անձը անմիջապէս ձերբակալուեցաւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ։ Այս առթիւ յայտարարութիւն մը կատարեց Գատըգիւղի քաղաքապետ Այքութ Նուհօղլու։ Ան դատապարտեց կատարուած յարձակումը ու նշեց, թէ Գատըգիւղ պիտի շարունակէ ըլլալ լայնախոհութեան եւ բազմամշակութային ապրելակերպի մայրաքաղաք։