ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԿԱՐԻՉ ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆԻ՝ ԱՅՆԹԱՊԻ ԱՍՏԵՂՆԱԳՆՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ յայտ­նի նկա­րիչ եւ ու­սու­ցիչ Հրազ­դան Թոք­մա­ճեա­նի «Այն­թա­պի ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը» գիր­քը։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ այս գիր­քին հա­մար կազ­մա­կեր­պուած շնոր­հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Հրազ­դան Թոք­մա­ճեան Հա­յաս­տա­նի Կիւմ­րի քա­ղա­քէն նկա­րիչ մըն է, որ Սու­րիա մեկ­նե­լով հաս­տա­տուած է Հա­լէպ։ Ան ու­սուց­չա­գոր­ծած է Հա­լէ­պի «Մար­տի­րոս Սա­րեան» ա­կա­դե­միոյ եր­դի­քին տակ։ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րո­ւած այս ա­կա­դե­միոյ մէջ եր­կար տա­րի­ներ ու­սուց­չա­գոր­ծե­լէ, ե­րախ­տա­շատ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լէ վերջ, Հրազ­դան Թոք­մա­ճեան ար­դէն սկսած է տալ նաեւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան այլ բնոյ­թով պտուղ­ներ։ Այս շրջագ­ծին մէջ ե­զա­կի կը հա­մա­րուի «Այն­թա­պի ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը» գիր­քը, ո­րու շնոր­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ Գի­նե­ձօ­նին ներ­կայ էր նաեւ հե­ղի­նա­կը՝ Հրազ­դան Թոք­մա­ճեան, Դա­մաս­կո­սի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Լե­ւոն Սարգ­սեան, «Փիւ­նիկ» հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Գաբ­րիէլ Չէմ­պէր­ճեան, Տ. Մար­կոս Եպսկ. Ժամ­կո­չեան եւ այլ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։ Շնոր­հան­դէ­սին մաս­նա­կից­նե­րը թէ՛ ունկնդրե­ցին ե­լոյթ­նե­րուն եւ թէ շրջե­ցան զու­գա­հե­ռա­բար կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Հրազ­դան Թոք­մա­ճեանն ալ հան­դէս ե­կաւ սրտի խօս­քով մը, մինչ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քով ող­ջու­նե­ցին իր նուի­րեալ աշ­խա­տան­քը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015