ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԹԻՖԼԻԶԻ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Վրաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Թիֆ­լիզ ժա­մա­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թե­նէն պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ նա­խա­գահ Ե­դո­ւարդ Մի­լի­տո­նեա­նի։ Այ­ցի նպա­տա­կը Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի թիֆ­լի­զեան բնա­կա­րա­նը ամ­բող­ջա­կան տես­քով Վի­րա­հա­յոց Թե­մին փո­խան­ցելն էր: Ա­նոնք «Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նին մէջ Կո­մի­տա­սի նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սը շրջե­լէ ետք, այ­ցե­լե­ցին Խո­ջի­վան­քի հայ գրող­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու պան­թէոն` ծա­ղիկ­ներ թո­ղու­ցին Ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի  եւ հա­յա­զազ­գի միւս մե­ծե­րու շի­րիմ­նե­րուն:
 ­Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գա­հը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեան, թիֆ­լի­զա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նէու­թեան հետ միա­սին ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցան դէ­պի Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի թիֆ­լի­զեան բնա­կա­րա­նը, ուր ա­նոնց միա­ցան Վրաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի ­դես­պա­նու­թեան խորհր­դա­կան Կա­րէն Մե­լի­քեա­ն, Վրաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան քար­տու­ղար Մա­ղո­ւա­լա Կո­նաշ­վի­լին, «Ցիս­կա­րի» ամ­սագ­րի խմբա­գիր, գրող Փա­ղա­թէր Ա­րա­պու­լի եւ այ­լք:

Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի տան մէկ մա­սը, գրա­դա­րա­նի վե­րա­ծո­ւած 150 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րած­քը, 2012 թո­ւա­կա­նին, Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան հան­գու­ցեալ նա­խա­գահ Լե­ւոն Ա­նա­նեա­նի ան­դուլ ջան­քե­րով ձեռք բե­րո­ւած էր Կիւմ­րիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Վար­դան Ղու­կա­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ:
 ­Տան ամ­բող­ջա­կան տես­քով ձեռք­բեր­ման հար­ցը կը գտնո­ւէր Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նէր նաեւ Վրաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի ­դես­պա­նու­թիւ­նը: Եւ վեր­ջերս` 2015 թո­ւա­կա­նին, Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեա­նի դի­մու­մով, «Սուրբ Գէորգ» ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով գնո­ւե­ցաւ նաեւ շէն­քի ժա­ռանգ­նե­րուն մնա­ցած մա­սը եւ նա­խօ­րօք ձեռք բե­րո­ւած հա­տո­ւա­ծին հետ միա­սին ամ­բող­ջա­կան տես­քով նո­ւի­րա­բե­րո­ւե­ցաւ թե­մին` որ­պէս սե­փա­կա­նու­թիւն:

Եր­կու եր­կիր­նե­րու գրող­նե­րու միու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պու­մը խորհր­դան­շա­կա­նօ­րէն տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս այս տու­նին մէջ: 
Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ե­դո­ւարդ Մի­լի­տո­նեա­ն ­հան­դի­սա­ւո­րա­պէս Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վազ­գէն Ե­պսկ. Միր­զա­խա­նեա­նին յանձ­նեց տան բա­նա­լի­նե­րը: Տու­նը այ­սու­հե­տեւ պի­տի կո­չո­ւի «Մշա­կոյ­թի եւ ա­րո­ւես­տի Թու­մա­նեա­նա­կան Վեր­նա­տուն» եւ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած պի­տի ըլ­լայ եր­կու քրիս­տո­նեայ ազ­գե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման եւ խո­րաց­ման: Պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւին գիր­քե­րու քննար­կում-շնոր­հան­դէս­ներ, հայ եւ վրաց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, մշա­կու­թա­յին տար­բեր ձեռ­նարկ­ներ: Շէն­քին մէջ պի­տի գոր­ծէ դահ­լիճ, քա­ռա­լե­զու գրա­դա­րան, Հայ բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը, իսկ սե­նեակ­նե­րէն մէ­կը պի­տի կրէ Լե­ւոն Ա­նա­նեա­նի ա­նու­նը: 
Շնոր­հա­ւո­րան­քի ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Վրաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան քար­տու­ղար Մա­ղո­ւա­լա Կո­նաշ­վի­լի, Վրաս­տա­նի Հայ գրող­նե­րու «Վեր­նա­տուն» միու­թեան նա­խա­գահ Գէորգ Սնխչեա­ն, Վրաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի ­դես­պա­նու­թեան խորհր­դա­կան Կա­րէն Մե­լի­քեա­ն, բա­նաս­տեղծ-թարգ­մա­նիչ Կի­ւի Շահ­նա­զա­ր, գրող-թարգ­մա­նիչ Ա­նա­հիտ Պոս­տան­ճեա­ն:

Տ. Վազ­գէն Եպս­կ. Միր­զա­խա­նեա­ն­ իր օրհ­նու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի խօս­քին մէջ օ­րը ա­նո­ւա­նեց պատ­մա­կան, քան­զի Ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծի բնա­կա­րա­նը շու­տով պի­տի վե­րա­դառ­նայ իր նպա­տա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան եւ Թե­մի ա­նու­նով ստանձ­նեց անհ­րա­ժեշտ վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, անհ­րա­ժեշտ գոյ­քով եւ կա­հա­ւո­րան­քով ա­պա­հով­ման պար­տա­կա­նու­թիւ­նը:
­ Այ­նու­հե­տեւ Ե­դո­ւարդ Մի­լի­տո­նեա­ն­ եւ Մա­ղո­ւա­լա Կո­նա­շո­ւի­լի ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին յու­շա­գիր, ո­րուն միա­ցան Վրաս­տա­նի Հայ գրող­նե­րու «Վեր­նա­տուն» միու­թիւ­նը, «Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նը, Հայ-վրա­ցա­կան մշա­կու­թեա­յին կա­պե­րու «Կա­մուրջ» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը:

Հայ մեծ գրող Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի Թիֆ­լի­զիի տու­նը կը գտնո­ւի Ա­մաղ­լե­բայ (նախ­կին` Դա­ւի­թաշ­վի­լի) փո­ղո­ցի թիւ 18 հաս­ցէին վրայ, ուր ապ­րած է Թու­մա­նեա­ն 1909-1923 թո­ւա­կան­նե­րու մի­ջեւ, իսկ 1952-ին տան ի­րե­րը տե­ղա­փո­խո­ւած են Ե­րե­ւան: Վեց սե­նեակ­նե­րէն չոր­սը վե­րա­ծո­ւած էին գրա­դա­րա­նի, իսկ միւս եր­կու­քը` մնա­ցած էին գրո­ղի ժա­ռանգ­նե­րուն: Ան­կա­խա­ցու­մէն ետք Թիֆ­լի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ո­րոշ հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով գրա­դա­րա­նա­յին մա­սը փո­խան­ցած էր Վրաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիի մը, որ­մէ հարկ ե­ղաւ ձեռք բե­րել զայն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015