ՊՈԼՍԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ
Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը, որու ընթացքին հնչեցին Պոլսոյ մէջ բնակած հայ, հրեայ եւ յոյն յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։ Եորկոս Մարինաքիսի խմբավարութեամբ, Վանկելիս Քարիփիսէ, Նետիմ Նալպանտօղլուէ եւ Մերտ Տէմիրճիօղլուէ կազմուած «Կալաթա» համոյթը ելոյթ ունեցաւ Պելժիոյ տան մէջ։ Այս առթիւ հնչեցին Թամպուրի Մուսիէ, Փերթաքիէ, Տիմիթրի Քանթեմիրէ, Թամպուրի Իսհաքէ, Լաֆթաճը Անթոնէ, Քեմենչեճի Վասիլ Էֆէնտիէ եւ Քեմանի Թադէոսէ ու հռչակաւոր այլ յօրինողներէ գործեր։ Այս ձեռնարկը Քէօլնի «Եունուս Էմրէ» հիմնարկին կողմէ ձօնուած էր ժողովուրդներու համակեցութեան։
Ձեռնարկի մասնակիցներու կարգին էին Քէօլնի քաղաքապետ Էլֆի Շօ-Անտվերպէս, Հիւսիսային Ռեն-Ֆեսթֆալիաի նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան Արիֆ Իւնալ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներու կրօնապետներ։