Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՄԱՔՐՈՆ ԵՒ ՊԱՅՏԸՆ Կ՚ԱՋԱԿՑԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԱՐԴԱՐ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն շաբաթավերջին Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը։ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ Մաքրոն եւ Պայտըն աջակցութիւն յայտնեցին Հարաւային Կովկասէ ներս արդար ու կայուն խաղաղութեան հաստատման համար՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի, ինքնիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու նկատմամբ յարգանքի վրայ։
Երկու նախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Ուաշինկթընն ու Փարիզը կ՚աջակցին Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային ապագայ համարկման՝ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն։
Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2024